ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ, «Արմենիա».- Չորեքշաբթի, 13 Դեկտեմբերին, իբրեւ արդիւնք Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդուլ աշխատանքին, իր վերջին հանգրուանին հասաւ Ապրիլ 24ը իբրեւ «Հանդուրժողութեան գործադրութեան եւ ազգերու միջեւ յարգանքի օր» հռչակող օրէնքը, երբ միաձայնութեամբ վաւերացուեցաւ երկրի Ծերակոյտին կողմէ:
Ծերակոյտի նիստի ընթացքին, օրէնքը համապատասխան առաջարկով ներկայացուց փերոնական Ֆրենթէ փարա լա Վիքթորիա (Ճակատ՝ յանուն յաղթանակի) կուսակցութիւնը, իբրեւ երկրի բոլոր խորհրդարանականներու հաստատ կեցուածքը հայ համայնքին համար այսքան կարեւոր օրէնքի վաւերացման ճամբուն վրայ։ 2007 թուականի ամավարկի օրէնքը ընդունուելէ անմիջապէս ետք, ծերակուտական Միկէլ Անխէլ Փիչէթօ ժողովին առաջարկեց, որ քննարկուի խորհրդարանին կողմէ արդէն իսկ վաւերացուած Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ օրէնքի նախագիծի կէտը։ Երկրորդուելով ծերակուտականներ Վիլմա Իպառայի, Նէկրի տէ Ալոնսոյի, Ռուպէն Ճիւսթինիանիի եւ Քարլոս Ալպերթօ Ռոսիի կողմէ, Ծերակոյտի նախագահ եւ երկրի փոխնախագահ Տանիէլ Սիոլի ընդունեց առաջարկը, ժողովը հրաւիրելով անցնելու նախագիծի քննարկումին։
Ծերակոյտի զանազան խմբաւորումները շուտով ներկայացուցին նախապէս արտայայտած իրենց դրական դիրքը, ապա տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն եւ օրէնքը միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ։
Այսպէս, վերջապէս պաշտօնապէս կը ճանչցուի 1915-1923 թուականներուն Թուրք-Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը Արժանթինի պետութեան կողմէ։
Ծերակոյտի սրահին մէջ, բազմաթիւ հայորդիներու կողքին ներկայ եղան (մասնաւորապէս հրաւիրուած) Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան, Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յարութիւն Յովհաննէսեան, եւ Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ՝ Գէորգ Տոլմաճեան եւ Յովհաննէս Կէկեան։ Բոլորը խանդավառ շնորհաւորական արտայայտութիւններ ստացան ծերակուտականներուն կողմէ, մինչ սրահին մէջ ներկայ գտնուող Հ.Յ.Դ. «Արմենիա» Երիտասարդական միութեան եւ Պատանեկան միութեան բազմաթիւ անդամները ծափահարութիւններով ուրախութեան արտայայտութիւններ ունեցան։