ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արմաւիրի մարզի Նալբանդեան, Փշատաւան, Բերքաշատ, Արգաւանդ, Չանֆիդա գիւղերուն եւ Ակնալիճ բնակավայրին մէջ այս տարի պիտի տեղադրուին 15 նոր հակակարկտային համակարգեր, յայտնեց տարածաքային կառավարման նախարարութեան փրկարար ծառայութեան մթնոլորտային երեւոյթներուն վրայ ներգործութեան ծառայութեան տնօրէն Ռոպերթ Յովսէփեան:
Այժմ Արագածոտնի մարզի Աշտարակի ենթաշրջանին մէջ հակակարկտային համակարգեր տեղադրուած են, որոնք նախորդ տարի գործածուած են:
Յառաջիկայ տարիներուն նման համակարգեր պիտի տեղադրուին նաեւ Շիրակի եւ Արարատի մարզերուն մէջ: