Հարցազրոյց Լոնտոնի Ձայնասփիւռի Հայկական Ժամի Հիմնադիր Եւ Ներկայացնող Լուսին Ղահրամանեանի Հետ
Վարեց՝ ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ո՞ր թուականէն սկսած է հայերէնի սփռումը Լոնտոնի ձայնասփիւռի ձեր կայանէն։
ԼՈԻՍԻՆ ՂԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆ.– Առաջին հաղորդումը սփռուեցաւ 2019ի Ապրիլին։ Այդ օրուընէ ի վեր, ես անկանոն կերպով մէկ ժամանոց հաղորդումներ կու տայի՝ միախառնելով հայկական բոլոր տեսակի երաժշտութիւն։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ի՞նչ բնոյթի երգեր եւ հաղորդումներ կը սփռէք։
ԼՈԻՍԻՆ ՂԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆ.- Երբ նոր սկսած էի հաղորդումները, կը փորձէի մէկ հաղորդման մէջ հաւաքել հայկական երաժշտութեան հսկայական բազմազանութիւնը՝ հինն ու նորը միասին: Այժմ ես աւելի լաւ կը տիրապետեմ հայկական երաժշտութեան եւ աւելի շատ հասու եմ արխիւային նիւթերու, ուստի կրնամ կեդրոնանալ որոշ ուղղութիւններու կամ տեսակներու վրայ եւ խորանալ անոնց մէջ: Ես նաեւ միշտ կ՛օգտագործեմ կենդանի ձայնը, որպէսզի օգնեմ իմ հաղորդման, ուր ունկնդիրներուն հակիրճ տեղեկութիւններ կու տամ այն մասին, թէ անոնք ինչ պիտի լսեն։ Հայկական երաժշտութեան պատմութիւն եւ բովանդակութիւն։ Մինչեւ այժմ արդէն թողարկած եմ դրուագներ հայկական ժողովրդական (մասնաւորապէս՝ աշխատանքային եւ սիրային երգերու), հայկական ճազի, հայկական պատարագի, հայկական էստրադային եւայլն, ուստի բաւականին բազմազան ժանրերէ:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ո՞վ յղացած է Լոնտոնի մէջ ձայնասփիւռային ժամ ունենալու գաղափարը։
ԼՈԻՍԻՆ ՂԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆ.-Իմ մտայղացումն էր եւ ես դիմեցի ձայնասփիւռի կայանին, հայկական երաժշտութիւն սփռելու իմ առաջարկով։ NTS-ն իմ սիրելի ձայնասփիւռի կայանն է եղած դեռահաս տարիքէս: Անիկա աշխարհի մեծագոյն համացանցային ձայնասփիւռային կայաններէն մէկն է (ունկնդիրներու քանակի առումով)՝ եւ իր արխիւով։ Անիկա ունէր իմ սիրելի երաժիշտները, Տի․ Ճէյ․ները եւ եղած է իմ երաժշտական գիտելիքներու հիմնական աղբիւրներէն մէկը:
Ես ոգեշնչուած էի Հայաստանի ձայնասփիւռի կայանի արխիւներէն լսած մեղեդիներով, ուր ամառ մը կարճ ժամանակով աջակցեցայ թուայնացման աշխատանքներուն։ Մեծ շնորհակալութիւն Արթիւր Իսպիրեանին։ Առանց անոր, այս աշխատանքը կարելի պիտի չըլլար։ Նկատի ունենալով որ ես արդէն քանի մը տարի է Տի․ Ճէյ․ եւ հաղորդավար եմ, արխիւներու փորփրումը եւ նիւթ գտնելը աներեւակայելիօրէն հետաքրքրական էր, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի հայկական երաժշտութեան: Ես մեծցած եմ սովետական հայկական ճազ լսելով եւ պապիկիս՝ Մարտին Վարդազարեանի ձայնագրութիւններով, մայրիկիս հետ երգելով կամ դաշնամուրով Կոմիտաս նուագելով: Այսպիսով, տեսնելով արխիւային ձայնագրութիւններու այս ամբողջ աշխարհը իմ առջեւս, գործի լծուեցայ մեծ ոգեւորութեամբ եւ հաճոյքով:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ձեր գնահատումով որքա՞ն ունկնդիր ունիք։
ԼՈԻՍԻՆ ՂԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆ.– Չեմ կրնար ճշգրիտ թիւ տալ, բայց ես կ՛ենթադրեմ, որ աշխարհով մէկ առնուազն հազար հոգի պարբերաբար կը լսեն իմ հաղորդումը, տարբեր աղբիւրներէ: Շատեր անձամբ կը գնահատեն իմ հաղորդումները, հաղորդագրութիւններ կը գրեն, ընկերային ցանցերուն վրայ մեկնաբանութիւններ կ՛ընեն։ Անոնցմէ շատերը նախապէս ոչ մէկ առընչութիւն ունեցած են Հայաստանի հետ, իսկ ոմանք կ՛ըսեն թէ կ՛ուզեն այցելել Հայաստան, հաղորդումներս լսելէ ետք:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.– Սփիւռքի մէջ կան տարբեր ձայնասփիւռային կայաններ։ Կը համագործակցի՞ք անոնց հետ։
ԼՈԻՍԻՆ ՂԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆ.- Իրականութեան մէջ դեռ չեմ համագործակցած յատուկ կայանի մը հետ, բայց կը համագործակցիմ անհատներու կամ աշխարհի հայկական խումբերու հետ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Հայաստանի մէջ գործող ձայնասփիւռի կայաններուն հետ կը գործակցի՞ք։
ԼՈԻՍԻՆ ՂԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆ.- Հիմնականօրէն կը համագործակցիմ Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանին հետ է եւ յատկապէս կ՛օգտուիմ անոր արխիւային բաժինէն։ Ես շատ շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք կ՛աշխատին այնտեղ թուայնացման եւ խմբագրութեան ոլորտէն ներս։ Այդ բաժինի վարիչն է, ինչպէս ըսի, Արթիւր Իսպիրեանը։ Անոնք հոյակապ եւ կարեւոր աշխատանք կը կատարեն եւ ես ուրախ եմ աշխատելու անոնց հետ, երբ կու գամ ուսումնասիրելու արխիւը եւ փորփրելու ձայնագրութիւնները:
Ես արդէն կը պատրաստուիմ ստեղծել իմ սեփական համացանցային ձայնասփիւռի կայանը, ուստի կը կարծեմ, որ մեծ համագործակցութիւն է պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանին հետ։ Կը կարծեմ՝ Հայաստանի ձայնասփիւռը իր բազմազանութեան մէջ մեծ կարելիութիւններ ունի։ Իւրաքանչիւր կայան տարբեր է եւ ունի իրեն յատուկ թիրախային լսարանը: Ես նախատեսած եմ բանալ աւելի մեծ կայան՝ աւելի լայն ունկնդիրներու գոհացնելու համար։ Ուստի շատ ուրախ կ՛ըլլամ, եթէ համագործակցութեան այլ առաջարկներ ալ ըլլան ձայնասփիւռի, երաժշտութեան եւ արուեստի, կամ նոյնիսկ առեւտրական առումով:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Բացի երգ-երաժշտութենէն, նաեւ մշակութային հաղորդումներ ունի՞ք։
ԼՈԻՍԻՆ ՂԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆ.- Ես նաեւ նկարիչ եմ եւ ներկայիս կ՛աշխատիմ Հայաստանի մէջ երաժշտութեան մասին վաւերագրական ֆիլմ պատրաստելու վրայ: Ես չեմ կրնար աւելին ըսել, քանի որ անիկա աւարտուելու վրայ է եւ յոյսով եմ շուտով կը հրապարակուի:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ձեր սփռումը հասանելի է միմիայն Լոնտոնի կամ Անգլիոյ մէ՞ջ, թէ նաեւ դուրսը։
ԼՈԻՍԻՆ ՂԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆ.- Անիկա ձայնասփիւռի միջազգային կայան է, որ հիմնուած է Լոնտոնի մէջ եւ համացանց ունեցող իւրաքանչիւր անհատ կրնայ է զայն լսել աշխարհի բոլոր ծայրերէն: Ես կ՛աշխատիմ Երեւանէն կամ Վիեննայէն եւ հաղորդումները կը ձայնագրեմ ու կը ղրկեմ հեռարձակման կայան։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Յառաջիկայի համար նոր ծրագիրներ ունի՞ք, յաւելեալ հաղորդումներ կամ յաւելեալ ժամեր։
ԼՈԻՍԻՆ ՂԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆ.- Այո, ես յոյս ունեմ ընդլայնել իմ հաղորդումը, ինչպէս նաեւ Panorama Yerevan-ը դարձնել ոչ միայն ձայնասփիւռային հաղորդում, այլ նաեւ հարթակ: Կը կարծեմ, որ շատ կարեւոր է հայկական երաժշտական ժառանգութիւնը պահպանել եւ ստեղծել իրազեկութիւն, հետաքրքրութիւն, բայց այդ մէկը ընել շատ նուրբ, որակով: Ես կ՛ուզեմ աշխատիլ յօդուածներու, լուսանկարչութեան եւ երաժշտական նիւթերու վրայ: Հայկական ձայնասփիւռի արխիւը արդէն իսկ մեծ աշխատանք կը կատարէ, բայց ես կը փափաքիմ աւելի խորանալ եւ զայն դարձնել աւելի մատչելի՝ երաժշտութիւնը աւելի հեշտ տարածելու համար:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ձեր ունկնդիրներուն արձագանգը ինչպէ՞ս կը գնահատէք։
ԼՈԻՍԻՆ ՂԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆ.- Շատ ուրախ կ՛ըլլամ, երբ անձնական հաղորդագրութիւններ կը ստանամ ունկնդիրներէն, որոնք կը գնահատեն երաժշտութիւնը եւ երբեմն նոյնիսկ կը խնդրեն տուեալ երգի կամ երաժշտութեան պատմութիւնը: Ասիկա չափազանց ոգեշնչող եւ խանդավառող է:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ի՞նչ դժուարութիւններու կը հանդիպիք եւ որո՞նք կը սատարեն ձեզի առհասարակ։
ԼՈԻՍԻՆ ՂԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆ.- Այն աշխատանքը, որ կը կատարեմ նիւթական չ՛ապահովեր։ Եթերի մէկ ժամին համար կայ որոշակի վճարում, բայց այդ իրականութեան մէջ իմ աշխատանքիս գնահատականը չէ։ Ներկայիս կը փնտռեմ հիմնադրամներ, որոնք հետաքրքրուած են աջակցելու իմ ապագայ հարթակով՝ Panorama Yerevan-ով: Ես կ՛ուզեմ կեդրոնանալ այս նախագիծը իրագործելու, որպէս մասնագիտութիւն, հիմնական զբաղմունք եւ աշխատանք՝ բացի նկարիչ ըլլալէ, որովհետեւ ժամանակիս մեծ մասը կը տրամադրեմ ուսումնասիրութիւններու, նիւթեր գտնելու եւայլնի վրայ:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ի՞նչ ըսելիք ունիք «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն։
ԼՈԻՍԻՆ ՂԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆ.- Կառչած մնացէք ձեր արմատներուն։ Ես կը հաւատամ, որ սեփական մշակոյթը իմանալն ու գնահատելը նոյնքան կարեւոր է, որքան ազատական ըլլալ եւ ուրիշի մշակոյթը գնահատելը: Կը կարծեմ՝ երաժշտութիւնը հասարակ յայտարար է հայութեան տարբեր շերտերը, մանաւանդ սփիւռքահայերն ու հայաստանցիները միաւորելու։ Անիկա ոչ միայն կը միաւորէ, այլ կ՛օգնէ զիրար հասկնալու առանց խօսքի, շատ աւելի խորունկ մակարդակով: Լսէք Panorama-ն, հետաքրքրուեցէք եւ հարցումներ հարցուցէք, կապ պահեցէք հետս, եթէ երբեւէ կը փափաքիք աւելին իմանալ կամ հետս համագործակցիլ: