Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ Քիշինեւի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կայանալիք հանդիպման ընդառաջ գրառում կատարեց «Թուիթըր»ի վրայ՝ յոյս յայտնելով, որ հանդիպումը կարելիութիւն պիտի տայ շարունակել քննարկումները հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ: Բայց եւ այնպէս ան իր գրառումին մէջ արցախահայութիւնը որակեց «նախկին ԼՂԻՄ տարածքին մէջ բնակող հայեր»:
Անոր գրառումին մէջ կը նշուի. «Անհրաժեշտ է վերահաստատել յարգանքը միմիանց ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ, յառաջխաղացք արձանագրել սահմաններու սահմանագծման հարցին մէջ, ինչպէս նաեւ նուազեցնել սահմանային շրջաններու վտանգները: Այժմ կենսական է Պաքուի եւ նախկին ԼՂԻՄ տարածքին մէջ բնակող հայերուն միջեւ երկխօսութիւնը՝ անոնց իրաւունքներուն եւ ապահովութեան վերաբերեալ: Կարեւոր է զերծ մնալ առաւելապաշտական դիրքորոշումներէն եւ ձգտիլ երկխօսութեան: Հակամարտութեան աւելի քան 30 տարիներէ ետք ժամանակի կարիք կայ, որ վէրքերը սպիանան: Անհրաժեշտ են համարձակ որոշումներ»: