ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Շիրակի մարզի Մարալիկի շրջանին մէջ շաքարի գործարան կը կառուցուի:
Գործարանը պիտի գոհացնէ Հայաստանի շաքարի ամբողջ պահանջը:
Ըստ գործարանի շինարարութեան պատասխանատու Գուիդոն Յարութիւնեանի, արդէն կատարուած է շինարարական աշխատանքներու մօտ 60 տոկոսը, եւ անհրաժեշտ սարքաւորումներու հիմնական մասը արդէն ներածուած է:
Աւելցնենք, որ գործարանը նախատեսուած է գործի լծել 2009ի Սեպտեմբերին: