ՊԵԼՖԱՍԹ, «Ռոյթըրզ».- Հիւսիսային Իրլանտայի Իրլանտայի հանրապետական բանակի քաղաքական թեւը՝ «Շին Ֆէյն» կուսակցութիւնը որոշած է գործակցիլ Հիւսիսային Իրլանտայի ոստիկանութեան հետ։
Կուսակցութեան երկու հազար անդամներու կողմէ Կիրակի, Յունուար 28ին գումարուած ժողովին երկարատեւ քննարկումէ ետք բաց քուէարկութեամբ որդեգրուեցաւ որոշումը։
Ամբողջ օրը տեւած ժողովի այս արդիւնքին համար ամէն ճիգ ի գործ դրած էր կուսակցութեան ղեկավար Ճէրի Էտըմզը, որ քուէարկութենէն ետք յայտարարեց. «Դուք այսօր ստեղծեցիք այս կղզիին քաղաքական համայնապատկերը վերջնականապէս բարեփոխելու անհրաժեշտ պայմանները»։
Ժողովին ընթացքին խօսք առնողներէն շատեր յիշեցուցած էին, որ իրենց շարժումին տասնամեակներու երազն էր պարտութեան մատնել բողոքականներու հակակշռին տակ գտնուող բրիտանական ոստիկանութիւնը եւ շրջանը միացնել Իրլանտայի, բայց այդ կեցուածքէն կը հրաժարին ի շահ խաղաղութեան։
«Շին Ֆէյն»ի այս որոշումը առիթ պիտի տայ, որ Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ խառն (կաթողիկէ եւ բողոքական) իշխանութիւն մը կազմուի։