ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Շիրակի մարզպետ Ռոմիկ Մանուկեան Նոյեմբեր 27ին ընդունեց խումբ մը հաշմանդամ մանուկներ, որոնցմէ ընկերային հարցեր ունեցող 10 հաշմանդամ երեխաներ իր կողմէ ստացան դրամական օգնութիւն՝ Դեկտեմբեր 3ին նշուող Հաշմանդամներու միջազգային օրուան կապակցութեամբ:
Նշենք, որ մարզին մէջ կ’ապրին աւելի քան 1000 հաշմանդամ երեխաներ, որոնց հիմնական մասը ունի տեղաշարժման խնդիրներ: Թէեւ վերջին տարիներուն կատարուող շինարարութեան մէջ փորձուեցաւ որոշ չափով ներդնել թեքասանդուղքներ հաշմանդամներուն համար, սակայն նմանատիպ կառոյցներուն թիւը քաղաքին մէջ շատ քիչ է: Տուեալ խնդիրը, ինչպէս նշեցին հաշմանդամ երեխաներուն մայրերը, իր հետ առաջ կը բերէ հաշմանդամներուն՝ հասարակութեան հետ համարկուելու դժուարութիւն:
Հանդիպման ընթացքին մարզպետ Մանուկեան նշեց, որ խնդիրները շատ են, իսկ հաշմանդամ երեխաներուն նկատմամբ ընելիքներ բոլորն ալ ունին՝ թէ՛ պաշտօնական կառոյցները եւ թէ՛ հասարակութիւնը:
Հանդիպման աւարտին մարզպետը հաւաստիացուց, որ խնդիրներու լուծման պիտի աջակցի նաեւ մարզպետարանի նորաստեղծ՝ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան բաժինը: