ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հայ Լուր».- Սրխաւենդի գումարտակի կազմաւորման 15ամեակի առիթով, նոյն գումարտակի վեթերան ազատամարտիկներու հաւաք մը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ: Հաւաքին կը մասնակցէր նաեւ ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօրավար Սէյրան Օհանեան: Ան իր արտասանած խօսքի ընթացքին նշեց, որ «պատերազմի տարիներին շատ եմ առնչուել տղաների հետ, եւ իրօք այդ գումարտակը միշտ կարողացել է իր առջեւ դրուած նպատակը իրակացնել ու պատուով է դուրս եկել»:
Ապա զօրավար Օհանեան խօսքը ուղղելով Սրխաւենդի գումարտակի հիմքին վրայ կազմուած 77րդ առանձնակի հրաձգային գումարտակի զինուորներուն նշեց, որ անոնք օրինակ պէտք է վերցնեն իրենց գումարտակի հիմնադիր վեթերան ազատամարտիկներէն:
Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցող ազատամարտիկները նշեցին, որ յաճախ կը յիշեն իրենց մարտական ընկերները եւ յատկապէս իրենց առաջին հրամանատար՝ Դաշնակցական Պետոն:
Հանդիսութեան աւարտին, ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարը օրինակելի ծառայութեան համար պարգեւներ յանձնեց գումարտակի նախկին եւ ներկայ զինուորներուն:
Նշենք, որ 1991ի Նոյեմբեր 25ին, Ղարաբաղի զանազան դիրքերուն մէջ մարտնչող դաշնակցական քանի ջոկատներ հաւաքուելով Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղլար գիւղի մէջ, հիմը դրին մօտ 400 մարտիկներէ բաղկացած Սրխաւենդի միացեալ ջոկատին, որ Շուշիի ազատագրումէն յետոյ վերանուանուեցաւ Շուշիի առանձնակի գումարտակ եւ ամբողջովին փոխանցուեցաւ նոր կազմաւորուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակին: