ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Մուհամատ Շուպէյր պաղեստինեան նոր կառավարութիւնը գլխաւորելու ամենամեծ հաւանականութիւնը ունեցող թեկնածուն է, հաղորդեցին միջազգային լրատու գործակալութիւնները։
60ամեայ ակադեմականը երկար ատեն նախագահը եղած է Կազայի Իսլամական համալսարանին։ «Համաս» եւ «Ֆաթհ» համաձայնած են անոր անունին շուրջ, ըսին անոնք։
«Համաս»ի Դամասկոսի կեդրոնատեղիէն շարժումի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն Մուսա Ապու Մարզուք յայտնեց, թէ «Համաս» եւ «Ֆաթհ», որոնք ամիսներէ ի վեր ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմելու բանակցութիւններ կ՚ունենան, որոշած են, որ Շուպէյր գլխաւորէ այդ կառավարութիւնը։
Պաղեստինեան կառավարութեան ներկայ վարչապետ, «Համաս»ի անդամ Իսմայիլ Հանիյէ ըսած է, որ երկու շարժումներուն միջեւ յաջորդ վարչապետի ինքնութեան շուրջ հարցը լուծուած է։
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի շրջանակները եւս ըսին, որ Ապպասի համար Շուպէյր ընդունելի թեկնածու մըն է։
Թեկնածուն չհերքեց այս տեղեկութիւնները, բայց ընդգծեց, որ ցարդ ոչ ոք զինք պաշտօնապէս տեղեակ պահած է նշանակումէն։ «Այս տեղեկութիւնները կը հաստատուին միայն այն ատեն, երբ նախագահ Ապպաս ինծի առաջարկէ կազմել նոր կառավարութիւնը», աւելցուց ան։
«Համաս»ի աղբիւրներ յայտնեցին, որ վարչապետի պաշտօնին համար առաջարկուած են երեք այլ անուններ եւս։
Ելեւմուտքի նախարարութիւնը ստանձնելու հաւանական թեկնածուն է նախկին նախարար Սալամ Ֆայատ, իսկ արտաքին գործոց նախարարութեան համար առաջարկուած է Զիատ Ապու Ամրի անունը։
«Համաս» եւ «Ֆաթհ» կը յուսան, որ Շուպէյրի, Ֆայատի եւ Ապու Ամրի նման անուանացանկ մը ընդունելի պիտի ըլլայ Արեւմուտքին համար, եւ վերջ պիտի դնէ անոր կողմէ պաղեստինեան իշխանութեան պարտադրուած տնտեսական շրջափակումին։
Պաղեստինեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներ արդէն իր հաւանութիւնը տուած է բարձրագոյն ուսումը Ամերիկայի մէջ ստացած Շուպէյրի նշանակումին։ Այսուհանդերձ, Երուսաղէմի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան բանբերը մերժեց հաստատել այդ լուրերը։ «Երբ նոր կառավարութեան անդամներուն անունները յայտարարուին, այն ատեն պիտի նայինք, թէ ովքե՞ր են եւ ի՞նչ է իրենց կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրը, ապա պիտի որոշենք մեր կեցուածքը», ըսաւ ան։