ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Դեռ չեմ հաւատում, որ արժանացել եմ BBC-ի առաջին մրցանակին, սակայն ուրախ եմ, որ օտարազգիները բարձր գնահատեցին իմ կատարումը»: Այս մասին Դեկտեմբեր 14ի ասուլիսին յայտնեց BBC-ի յայտարարած Next Big Thing մրցոյթին «The world’s young band» առաջին մրցանակին արժանացած Սիլվա Յակոբեանը:
Երեւանի պետական ճազային ուսումնարանի ուսանողուհին մրցոյթին մասնակցած էր «I Like» երգով, որուն հեղինակն է երգչուհիին քոյրը՝ Մանէն, իսկ գործիքաւորումը կատարած է եղբայրը՝ Էտկարը:
Նշենք, որ մրցոյթին ներկայացուած էր 2000է աւելի ստեղծագործութիւն, որոնցմէ կազմակերպիչները ընտրած էին միայն 20ը: Այնուհետեւ համացանցային բաց քուէարկութեամբ Ս. Յակոբեան ընդգրկուած է լաւագոյն եօթնեակին մէջ:
Մրցոյթին մասնակցած են երիտասարդ երգիչներ Անգլիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Պրազիլէն, Կանայէն, Մալաուիէն եւ տարբեր այլ երկիրներէ:
Յայտնենք նաեւ, որ շուտով հանդիսատեսի դատին պիտի յանձնուի «I like» երգի տեսահոլովակը, ինչպէս նաեւ Ս. Յակոբեանի առաջին ձայնասկաւառակը: