Վարդի Եաղլեան ծնած է 8 Մայիս, 1943ին, Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքը, Օննիկ եւ Աղաւնի Մեհթերեաններու ընտանիքին մէջ:
1947ին ընտանիքը կը փոխադրուի Լիբանան, ուր ան կը յաճախէ նախ «Մխիթարեան» վարժարան եւ ապա «Համազգային»ի «Նշան Փալանճեան» ճեմարան, ուրկէ շրջանաւարտ կ’ըլլայ 1961ին:
Իր ուսումը կը շարունակէ ֆրանսական Ecole des Lettres-ի մէջ, հետեւելով մանկավարժական դասընթացքներու, միաժամանակ պաշտօնավարելով Հայ կաթողիկէ «Մեսրոպեան» վարժարանի եւ ապա Ճեմարանի մանկապարտէզի բաժնին մէջ:
1970ին Փետրուարին կը փոխադրուի Ամերիկա ու կը հաստատուի Լոս Անճելըս, Քալիֆորինա: 1973ին կ’ամուսնանայ Կարօ Եաղլեանի հետ ու կը բախտաւորուի երկու զաւակներով՝ Լեւոն եւ Լոռի:
1978ին սրտի կաթուածի հետեւանքով կը կորսնցնէ իր սիրեցեալ երիտասարդ ամուսինը:
Իր անմիջական շրջապատին ջերմ հոգատարութեամբ եւ իր անհուն զոհաբերութեամբ հայեցի դաստիարակութեամբ կը մեծցնէ իր երկու զաւակները, իբրեւ տիպար եւ բացառիկ նկարագրով անձեր, որոնք իր կեանքին միակ հարստութիւնը, ուրախութիւնը եւ իմաստն էին:
Ամերիկա հաստատուելէն ամիջապէս ետք սկսած է պաշտօնավարել նախ ազգ. «Մեսրոպեան» վարժարանին մէջ, Մոնթեպելլօ եւ ապա 1978էն մինչեւ իր անժամանակ մահը՝ «Ֆերահեան» վարժարանին մէջ, ուր անցնող շուրջ իր 30 տարուան ուսուցչական ասպարէզին կողքին, անսակարկ եւ պատրաստակամ ներդրումը բերած է Ազգ. առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ հայերէն լեզուի դասագիրքերու պատրաստութեան աշխատանքին, միաժամանակ կամաւոր կերպով դասաւանդելով ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս:
Իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է «Համազգային»ի, ՀՕՄի, Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան եւ այլ կազմակերպութիւններէն ներս, նուիրումով, համեստօրէն ու լռակեաց տանելով իր ուսերուն վրայ դրուած ծանր բեռը:
Անոնք, որոնք բարեբախտութիւնը ունեցած են մօտէն զինք ճանչնալու, անկասկած վայելած են իր ազնիւ հոգին եւ անկեղծ բարեկամութիւնը:
Կիրակի, 11 Փետրուար 2007ին իր մահուան Ա. տարելիցին առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հովիտի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք «Ֆերահեան» վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ յուշահանդէս, նուիրուած՝ Վարդի Եաղլեանի անմար յիշատակին: