Ուրախանա՞լ, թէ տխրիլ…
Երկուշաբթի, 29 Յունուարին, ամերիկեան լրատու աղբիւրները՝ ձայնասփիւռ, պատկերասփիւռ եւ մասամբ նորին, հպանցիկ կերպով արձագանգ եղան արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ տեղեկագիրին։
Տեղեկագիրը պատրաստողները մեծ գիւտ մը ըրած են )ի վերջոյ( եւ կ՚ըսեն, թէ անցեալ ամառ, Լիբանանի վրայ իր յարձակումին ընթացքին, Իսրայէլ «հաւանաբար անտեսած է» տարանջատուող ռումբերու գործածութեան համաձայնագիրը, զոր կնքած է ամերիկեան զէնքերու ստացման ատեն, եւ այդ ռումբերը գործածած է քաղաքային թիրախներու դէմ, մինչդեռ ըստ համաձայնութեան, անոնք կրնային գործածուիլ միայն զինուորական թիրախներու դէմ. եւ եթէ ստուգուի, որ այս տեղեկութիւնը իրականութիւն է… )մնացեալը այդքան ալ կարեւոր չէ(։
Իսրայէլեան չքմեղանքը այն է, որ ինք այդ ռումբերը գործածած է… ինքնապաշտպանութեան համար, որովհետեւ իր կարգ մը բնակավայրերը հրթիռներու թիրախ դարձեր են։
Ի դէպ, պատկերասփիւռէն այս տեղեկագիրին հաղորդումին պահուն կը ցուցադրուէր ականազերծող ջոկատ մը, որ այս տեսակի ռումբեր կը փնտռէր գիւղի մը… պանանի պարտէզներուն մէջ։ )Վաղը կ՚ելլեն աշխարհը համոզելու, թէ պանանները զինուորական թիրախ էին(։
Բոլոր անոնք, որոնք չեն գիտեր տարանջատուող ռումբին ինչ ահաւոր «ապրանք» ըլլալը, բացատրենք քանի մը տողով. երեւակայեցէք ռումբ-տուփ մը, որ կը պարունակէ տասնեակներով կամ հարիւրներով ռմբիկներ. ռումբ-տուփը կ՚արձակուի օդանաւէ մը, գետնին մօտենալով կը պայթի ու «ծնունդ կու տայ» մանր ռումբերու, որոնք կը տարածուին «մայր» ռումբին շուրջ բոլորը եւ կը սպասեն, որ մէկը հպի իրենց, որպէսզի պայթին։ Անցեալ ամառ տեղի ունեցած ծանօթ պատերազմին օրերուն, Իսրայէլ այս տեսակի անհամար )ըստ լիբանանեան ու չէզոք աղբիւրներու՝ միլիոնաւոր( ռումբեր ցանեց Լիբանանի տարածքին, մեծ մասամբ՝ հարաւային Լիբանանի մէջ։ Պատրերազմին դադրեցումէն ետք, բազմաթիւ պատահական քաղաքայիններ, մեծ մասամբ դեռատի մանուկներ )որոնք իրենց տուներուն շրջափակին մէջ ձգուած խաղալիքներ կը կարծէին այս «պտուղները»( զոհ գացին հրէշային այս ականներուն կամ, բախտաւոր պարագային, անդամահատուեցան։ Այս մասին բազմաթիւ վաւերագրական ժապաւէններ ցուցադրուեցան ընդհանրապէս Եւրոպայի մէջ ու այլուր, նաեւ այդ բոլորը փաստցի կերպով տեղեկագրուած են միջազգային դէտերու եւ ՄԱԿի ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Եւ հիմա, յանկարծ այս գիւտը.- «Իսրայէլ հաւանաբար անտեսած է…»
Այս տեղեկատուութեան մէջ կան շարք մը ուշագրաւ կէտեր. թուենք մէկ քանին.- Տարանջատուող ռումբերու ոչ միայն գործածութիւնը, այլ արտադրութիւնն իսկ արգիլուած է միջազգային օրէնքներով։ Ամերիկեան զէնքի արտադրիչները ոչ միայն արտադրած են, այլ նաեւ Իսրայէլի ծախած են այս տեսակի ռումբեր, սակայն նաեւ «բարի» գտնուած են պայման դնելով, որ անոնք չգործածուին քաղաքային թիրախներու դէմ )վստահաբար նման պայմաններ դրուած են ռազմական օդանաւեր, հրասայլեր ու հրթիռներ արտադրող ընկերութիւններու կողմէ ալ(։ Իսրայէլի «հաւանական անտեսում»ին մասին տեղեկագիրը լոյս կը տեսնէ պատերազմական գործողութիւններու դադրեցումէն աւելի քան հինգ ամիս ետք, երբ աշխարհը սկսած է մոռնալ այդ պատերազմին մանրամասնութիւնները եւ սեւեռաբիբ կը հետեւի միջ-լիբանանեան բախումներուն։ )Ոմանք ալ կը ծափողջունեն անոնց հրահրումը(։
Կարելի է հարց տալ, թէ արդեօք Ուաշինկթընի ու Իսրայէլի միջեւ «սեւ կատո՞ւ» անցած է, որ յանկարծ թաքուն սպառնալիք մը բովանդակող նման տեղեկագիր մը կը հրապարակուի, թէ մէկը կը փորձէ մէկուն աչքին փոշի ցանել…
Յամենայնդէպս, այս տեղեկագիրը թէ՛ ուրախութիւն եւ թէ արցունք կը պատճառէ մարդուս։