ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ոգեկոչման հացադուլի վերջին օրը, Յունուար 6ին, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն ներկայ գտնուեցան Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործավար Անդրանիկ Գիզիրեան, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած Ղազարոս Գատեմեան, ինչպէս նաեւ հացադուլաւորներէն եւ Հ.Ե.Դ.ի Կեդրոնական վարչութեան ու Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդի ներկայացուցիչ Վաչէ Թովմասեան եւ նահանգային խորհրդարանական Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակէն ներկայացուցիչ մը:
Փօլ Գրիգորեան յայտարարութեամբ իր զօրակցութիւնը յայտնեց հացադուլաւորներուն ու ընդգծեց անոնց զոհաբերութեան ոգին: Զօրակցութեան գիր յղած էին նաեւ նահանգային խորհրդարանականներ Լոյտ Լեւին եւ Է. Փորթանթինօ:
Անդրանիկ Գիզիրեան մամլոյ ասուլիսի աւարտին յայտարարեց, որ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը զօրակցի հացադուլի քայլին դիմած երիտասարդ գործիչներուն, որոնք կը ջանան ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը լուսարձակի տակ առնել: Ան աւելցուց, որ այս երիտասարդներու զոհողութիւնը պէտք է օրինակ հանդիսանայ ամերիկահայութեան համար: