ՄԱՐԻԷԹ ՕՀԱՆԷՍ
Կիրակի, 15 Յունուարին, Պոլսահայ միութեան «Հրանդ Տինք» դասախօսական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը` հանգուցեալ Սարգիս Հացպանեանի մահուան 5րդ տարելիցին առթիւ:
Բացման խօսքը կատարեց Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ եւ հոգաբարձու տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան, որ ներկաները ողջունելէ ետք հրաւիրեց բոլորը` յոտնկայս վայրկեան մը յարգանքի տուրք մատուցանելու հանգուցեալի հոգւոյն եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու: Կատարուեցաւ մոմավառութիւն եւ երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը միութեան նախկին ատենապետ Սիմոն Աճըիլաչի, տոքթ. Աւետիքեանի եւ Եղիա սրկ. Քէօսէի կողմէ, որմէ ետք տոքթ. Աւետիքեան շեշտեց, թէ iսկական հերոսները անոնք են, որոնք ոչ անուն ունին, ոչ ալ փայլք: Անոնք աշխարհին կը նային վերեւէն եւ հետաքրքրուած չեն փառքով, իշխանութեամբ, հռչակով… Այդ հերոսներէն մին Սարգիս Հացպանեան էր, որ ծայրայեղ քաջութեան, նուիրուածութեան eւ անվախութեան ազնիւ յատկութիւններով օժտուած անհատ մըն էր:
Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան բոլոր անդամներուն` իրենց աջակցութեան համար:
Ապա, ատենապետը ամպիոն հրաւիրեց «Հայրենիք» միութեան վարչութեան ատենապետ Յակոբ Ալեքսանեանը` իր սրտի խօսքը փոխանցելու:
Ալեքսանեան դրուատիքով խօսեցաւ հանգուցեալին եւ անոր հետ իր ունեցած յիշատակներուն մասին եւ պատմեց արցախեան ազատամարտի մասնակից Սարգիս Հացպանեանի անունը կրող Մարտակերտ քաղաքի վերանորոգուած մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի վերաբացման հանդիսաւոր արարողութեան մասին: Ալեքսանեան ընդգծեց նաեւ, թէ Հացպանեան եղած է «Հայրենիք» միութեան գործադիր մարմինի ներկայացուցիչը եւ կանգնած է անոր ստեղծման ակունքներուն մօտ: Նաեւ, Ալեքսանեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ալեքսանտր Թամանեանի, Վարուժան Գարեանի եւ Սեպուհ սրբազան Չուլճեանի մասին: Ան ցուցադրեց նաեւ տեսերիզ մը, որուն մէջ ներկաները տեղեկացան, թէ Արցախի Կուսապատ գիւղին մէջ միութիւնը կառուցեց աւագ դպրոց, որ կոչուեցաւ «Հայրենիք» միութեան հիմնադիր Վարուժան Գարեանի անունով:
Խօսք առաւ նաեւ Պոլսահայ եւ «Հայրենիք» միութիւններու անդամ Բարունակ Չէլիք, որ իր կարգին թուեց Հացպանեանի հետ կարգ մը յիշատակելի դէպքեր:
Խօսք առաւ նաեւ Թորոս Լեւոնի. ան յիշեց հանգուցեալին հետ ունեցած կարգ մը յիշատակներ:
Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն մը, որուն ընթացքին ներկաները իրարու հետ ունեցան մտերմիկ զրոյցի պահեր:
Միջոցառումը աւարտեցաւ, եւ բոլորին հոգիներուն մէջ Սարգիս Գէորգի Հացպանեան ներկայացաւ իբրեւ հերոս: Հերոս՝ որ դարձեր էր անմահ իր մեծութեան պատճառով: Ահա՛ թէ ինչպէ՛ս յաւերժ պիտի ապրի ան մեր սիրտերուն մէջ, եւ ահա թէ ինչպէս մենք պէտք է յարգանքի տուրք մատուցանենք անոր յիշատակին, որպէսզի ապագայ սերունդները երբեք չմոռնան զինք:
Նշենք, թէ ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ կը ներկայացուէր միութեան գործադիր յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Մուրատ Քէօշքէրի Լիոնի մեկնումը, անձամբ պարգեւատրելու Սարգիս Գէորգի Հացպանեանը՝ Հրանդ Տինքի անուան «Ազատութեան եւ Արդարութեան մետալ»ով, տրուած ըլլալով որ պարգեւատրեալը այդ օրերուն ծանր հիւանդ էր եւ չէր կրնար Միացեալ Նահանգներ ճամբորդել: