ԿԼԷՆՏԷՅԼ, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի Հանրային Կապի Գրասենեակ.- Հ.Յ.Դ. Յուշամատեան Ալբոմ-Ատլասի անգլերէն թարգմանութեան Ա. հատորի հրատարակութեան առիթով, Կիրակի, Դեկտեմբեր 10, 2006ի երեկոյեան ժամը 6:30ին, Էնսինոյի «Ֆերահեան» ազգ. վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ողջունահանդէս, հովանաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական Կոմիտէի եւ կազմակերպութեամբ Հ.Ե.Դ.ի Կեդրոնական վարչութեան։
Ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, Յուշամատեանի գլխաւոր խմբագիրներ Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեանները եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ։
Երեկոյի բացումը կատարուեցաւ Հ.Յ.Դ. քայլերգի՝ «Մշակ բանուոր»ի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք խօսք առաւ օրուան հանդիսավար Կարէն Եղբայրեան, որ անդրադարձաւ հատորի անգլերէն թարգմանութեան անհրաժեշտութեան՝ անգլիախօս սերունդին եւ ընդհանրապէս անգլիախօս շրջանակներուն հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի դրուագներն ու հերոսները աւելի մօտէն ծանօթացնելու իմաստով։
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Յուշամատեանի գլխաւոր խմբագիրներէն Քնար Մանճիկեան, որ ներկայացուց եւ բեմ հրաւիրեց հանդիութեան յատուկ հիւրերը՝ Հ.Յ.Դ. հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեանի ծոռը՝ դոկտ. Նիքոլայ Միքայէլեան-Չելիափովը, Ռոստոմի թոռը՝ Ստեփան Զօրեան Պիրը, որոնք բարձրօրէն գնահատեցին Ալբոմի անգլերէն թարգմանութիւնը եւ իրենց ուրախութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին գրքի ողջունահանդէսին հրաւիրուելուն համար։ Նշենք, որ հանդիսութեանը ներկայ էին Քրիստափոր Միքայէլեանի քրոջ՝ Զանազանի ծոռը, ինչպէս նաեւ դոկտ. Նիքոլայ Միքայէլեան-Չելիափովի կինն ու երկու զաւակները եւ Ստեփան Զօրեան Պիրի կինն ու դուստրը։
Հանդիսութեան, ելոյթ ունեցաւ Միրնա Տուզճեան-Տէր Յովհաննէսեան, որ անդրադարձաւ Յուշամատեանի անգլերէն հրատարակութեան, յիշելով, որ Յուշամատեանի հայերէնով հրատարակուած Ա. եւ Բ. հատորները արդէն իսկ դարձած են կարեւոր աղբիւրներ հայ ժողովրդի անցնող հարիւրամեակի ազատագրական պայքարի ուսումնասիրման համար։ Հետեւաբար, նշեց ան, անհրաժեշտ կը նկատուէր նաեւ սոյն արժէքաւոր Ալբոմի անգլերէն թարգմանութիւնը՝ մասնաւորաբար ամերիկահայ անգլիախօս սերունդին իր հերոսական անցեալը ներկայացնելու եւ ծանօթացնելու համար։ Ան աւելցուց, որ Յուշամատեանին մէջ տեղ գտած հայ հերոսներու եւ ֆետայիներու սխրագործութիւններն ու նկարները խոր ազդեցութիւն ունեցած են իր եւ իր սերնդակիցներուն վրայ։
Ձեռնարկին ողջոյնի խօսք ուղղեց աշխարհահռչակ գրող Ուիլեըմ Սարոյեանի որդին՝ Արամ Սարոյեանը, որ հանրայայտ դէմք է իր հեղինակած բազմաթիւ հատորներու ու գրականագիտական աշխատանքներով։ Արամ Սարոյեան, ընդգծելով հաղորդակցական համակարգի զարգացումն ու տարածումը մեր արդի ժամանակներուն մէջ, նշեց, որ համակարգչային այդ միջոցները հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն անցեալն ու ներկան կապել իրարու, ինչ որ կը նպաստէ վաւերագրական փաստերու յաւելեալ տարածման ու հանրամատչելիութեան։ Այդ իմաստով, դիտել տուաւ Արամ Սարոյեան, Յակոբ Մանճիկեանի կատարած գործը իր կարեւոր ներդրումը պիտի ունենայ հայ ժողովուրդի փաստագրական պատմութեան անդաստանէն ներս։
Յանուն Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի, ելոյթ ունեցաւ Արամ Գալուստեանը եւ շեշտելով, թէ ապագան խարսխուած է անցեալի հիմքերու վրայ, դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդի անցեալ դարավերջի ազգային-ազատագրական պայքարը փաստօրէն հիմք հանդիսացաւ Արցախեան նոր դիւցազնամարտի կերտման համար։ Ան բարձր գնահատեց Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեաններու կատարած տքնաջան ու արժէքաւոր գործը, նշելով, որ այդ իր ուշագրաւ դերակատարութիւնը կ’ունենայ մեր երիտասարդութեան ազգային-հայրենասիրական ոգիի կերտման ու հզօրացման գործին մէջ։
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Յակոբ Մանճիկեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնելով ողջունահանդէսի կազմակերպման առթիւ նշեց, թէ Յուշամատեանը միացեալ ճիգերու արդիւնք է եւ շեշտեց, որ ան հիմնականին մէջ նուիրուած է մեր ապագան կերտող հայ երիտասարդութեան։ Խորհրդանշական իմաստով, Յ. Մանճիկեան իր խմբագրած Յուշամատեանի անգլերէն թարգմանութեան մէկ օրինակը նուիրեց Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչին։
Հանդիսութեան ընթացքին հրամցուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր ելոյթ ունեցան Նարին Մելքոնեան, Րաֆֆի Սարեան ու Հայբերդ Սարեան։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ սրբազան հօր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքերով։
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ խմբագիրներու կողմէ Յուշամատեանի մակագրութիւն: