Չորեքշաբթի, Յուլիս 25ի երեկոյեան ժամը 7ին, առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ, Պըրպէնք, նախագահութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, ի ներկայութեան շրջանի հոգեւորականներու եւ կոկիկ հասարակութեան, տեղի ունեցաւ Արսէն արք. Պէրպէրեանի «Պատմութիւն Հայ-Անկլիքան եկեղեցու, 1845-1905» գիրքի ողջունահանդէսը:
Գիրքը ներկայացուց նոյնինքն հեղինակը՝ հանգամանօրէն անդրադառնալով 1845-1905 կարեւոր դէպքերուն, շեշտելով, թէ մինչեւ այսօր Հայց. եկեղեցին եւ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր եղբայրական սերտ յարաբերութիւնը կը պահպանէ Անկլիքան եկեղեցւոյ հետ:
Օրուան հանդիսավարն էր Նունէ Աւետիսեան: Ողջոյնի խօսք ուղղեց Հայ գրողներու միութեան նախագահ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեան: Տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական ծրագիր: Անահիտ Իշխանեան դաշնակի ընկերակցութեամբ փրոֆ. Լեւոն Աբրահամեանի, հրամցուց քանի մը երգեր: Փակման խօսքը կատարեց առաջնորդ սրբազանը՝ գնահատելով Արսէն սրբազանին կատարած օգտակար աշխատութիւնը, որ կը ծառայէ նաեւ որպէս պատմական աղբիւր մը:
Յայտագրի աւարտին տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս եւ վաճառք իւղաներկ գեղանկարներու եւ Գոհար Գասպարեանի հոգեւոր երգերու խտասալիկներու: