ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Դեկտեմբեր 22ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ երեք տարին անգամ մը կազմակերպուող «Ոսկէ գրի»չ մրցանքի 2006ի պարգեւատրման արարողութիւնը:
Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժամունքի տնօրէն, գրականագէտ Գառնիկ Անանեան «Ոսկէ գրի»չ մրցանակին արժանացաւ «Կլոպալիզացիան եւ տեղեկատուութիւնը», «Ժուռնալիստիկայի հրատապ խնդիրները», «Քաղաքակրթութիւնների բախու՞մ, թէ՞ երկխօսութիւն», «Պատմութիւնն ընդդէմ համաշխարհայնացման» հրապարակախօսական յօդուածներու ժողովածուներուն համար:
Շարժանկարի բնագաւառի մասնագէտ, Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար Դաւիթ Մուրադեանին մրցանակը յանձնուեցաւ «Եւրոպական անիւների վրայ», «Ժառանգութեան իրաւունք» հրապարակախօսական յօդուածներու ժողովածուներուն համար:
Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեանի խօսքերով, այս տարուան մրցանակակիրները ընտրուած են լրագրողական վարպետութեան, արդիական խնդիրներու արծարծման համար:
Հայաստանի Լրագրողներու միութեան «Ոսկէ գրի»չ մրցանքը կը կազմակերպուի 1978էն ի վեր, եւ ցարդ այդ մրցանակին արժանացած են 28 հրապարակախօսներ, որոնցմէ են Վարդգէս Պետրոսեան, Ռոպերթ Մաւիսաքալեան, Արմէն Յովհաննիսեան: