
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի (ABMDR) 24րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 27 Օգոստոսի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ, ներկայութեամբ առաւել քան 300 համակիրներու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ պաշտօնատարներու, որոնցմէ մէկն էր Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, որ Ծերակոյտէն գնահատագիր մը յանձնեց հիմնարկի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընին։
Հիմնարկի նորագոյն իրագործումները եւ համայնքին կողմէ հիմնարկին ցուցաբերուած աջակցութիւնը լուսարձակի տակ առած եւ մեծարումներու առիթ տուած ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետներ Գայիանէ Քոսթիքեան եւ Անեթ Փոսթիք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին հովանաւորներուն։
Ապա Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի ներկայացուցիչ հայր Եղիա Եսայեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի ներկայացուցիչ հայր Զարեհ Սարգիսեան կատարեցին ձեռնարկի բացման աղօթքը։

Ձեռնարկին հանդիսավարն էր՝ հիմնարկի երկարամեայ համակիրներէն եւ Ամերիկահայ բժշկական միջազգային ընկերակցութեան նախագահ տոքթ. Վիգէն Սէֆիլեան, որ դրուատեց կեանքեր փրկող այս կազմակերպութեան բարեսիրական աշխատանքները, հիւանդներուն պայքարելու ոգին եւ նուիրատուներուն ցուցաբերած աջակցութիւնները: Ան նաեւ ներկայացուց ձեռնարկին պաշտօնական հիւրերը։
Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան ձեռնարկին գլխաւոր բանախօս տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն եւ հիմնարկի գործադիր վարիչ տոքթ. Սեւակ Աւագեան՝ ներկայացնելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ 1999ին հաստատուած հիմնարկին նորագոյն աշխատանքներու եւ ապագայ ծրագիրներու մանրամասնութիւնները:
Ապա տեղի ունեցաւ հիմնարկին մասին Table 22 Films հաստատութենէն բեմադրիչ Կարէն Միրզայեանի պատրաստած վաւերագրական ֆիլմը:
Տոքթ. Սէֆիլեան այնուհետեւ բեմ հրաւիրեց Հուրի Սետլըրը եւ տոքթ. Չարլզ Սետլըրը, որոնք խօսեցան հիմնարկին ջանքերուն շնորհիւ արիւնի քաղցկեղէ վերապրած 14ամեայ Ալեքս Դարբինեանի փորձառութեան մասին։
Այնուհետեւ սկսան մեծարումները:
«Ոգեւորման» մրցանակը յանձնուեցաւ հիմնարկին երկար տարիներով նեցուկ կանգնած կատակաբան Մազ Ճոպրանիին։
«Տարուան կազմակերպութիւնը» մրցանակը շնորհուեցաւ կանանց նեցուկ կանգնող Fans With a Cause կազմակերպութեան։
«Տարուան ձեռնարկութիւնը» մրցանակը ստացաւ Prolase Med Spa and Laser Clinic-էն տոքթ. Կարօ Իսաղուլեան։
«Տարուան կամաւոր» մրցանակը յանձնուեցան Լենա Չելիքեան Պոյաճեանին եւ Ռուբինա Վարժապետեանին։
«Տարուան կինը» մրցանակին արժանացաւ Վեհանոյշ Գրիգորեան։
«Տարուան տղամարդը» մրցանակը շնորհուեցաւ Հրաչ Փոսթիքին։
Նշենք, որ ոսկրածուծի նուիրատուութեամբ կեանք մը փրկած Արփինէ Զոհրապեան առաջնորդեց ձեռնարկին դրամահաւաքի բաժինը՝ Be an Angel, Save a Life-ը, մասնակցութեամբ հիմնարկի փոքրիկ «հրեշտակ»ներուն:
Ներկաները նաեւ վայելեցին Յարութ Փամպուքճեանի կատարումները:
Յայտնենք, որ 1999ին հիմնուած հիմնարկը ցարդ ունի առաւել քան 33,500 նուիրատուներ 44 երկիրներէ, եւ ցարդ կատարուած ոսկրածուծի պատուաստումներով կրցած է փրկել 40 հիւանդներու կեանքերը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը կամ դիմել (323) 663-3609 թիւին: