ԵՐԵՒԱՆ, Հայաստանի Հանրային Ձայնասփիւռ.- Հայաստանի ոստիկանապետ, զօրավար Հայկ Յարութիւնեան Սեպտեմբեր 5ին Պաքու պիտի մեկնի ԱՊՀ անդամ-երկիրներու ներքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու համար, հաղորդած է Վրաստանի ներքին գործոց նախարարի խորհրդական Մայեա Կուկուշւիլի:
Նիստին իրենց մասնակցութիւնը հաստատած են Ռուսիոյ, Վրաստանի, Ղազախստանի, Իւզպէքիստանի, Մոլտովայի ներքին գործոց նախարարները, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալը: