Friday, February 3, 2023
No Result
View All Result
Asbarez - Armenian
NEWSLETTER
FEB. 4, 2023 PDF
ENG
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Յօդուածներ
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Յօդուածներ
No Result
View All Result
Asbarez - Armenian
ENG
No Result
View All Result
Home Uncategorized

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ԻՐԱՔԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՍԱՅՐԻ ԲՆՈՅԹԸ Սուրիոյ Հետ Երկխօսութիւնը Կրնայ Աւելի Մեծ Նպատակներու Ծառայել

by Asbarez Staff
January 19, 2007
in Uncategorized
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի Ուսումնասիրութիւններու խումբը կը յանձնարարէ դիւանագիտական նախաձեռնութիւններ՝ Իրաքի տագնապը լուծելու համար։ Եթէ Միացեալ Նահանգներու վարչամեքենան նկատի առնէ այդ խորհուրդները եւ Իրաքի տագնապը սահմանափակէ շրջանային ուժերու հետ երկխօսութեան ճամբով, խոստմնալից թեկնածուներէն մէկը կ՚ըլլայ Դամասկոսը։ Ստորեւ տրուած յօդուածին մէջ Մաթուի Լի կը բացայայտէ, թէ ի՛նչպէս կարճ ժամանակի մը համար Միացեալ Նահանգներուն եւ Պաշշար Ասատին աշխարհիկ վարչակարգին շահերը կրնան զուգորդուիլ։ Ճիշդ կոճակները սեղմելով (յատկապէս նեցուկ կանգնելով Կոլանը վերադարձնելու Սուրիոյ դատին) Միացեալ Նահանգներ կրնայ յառաջխաղացք արձանագրել Միջին Արեւելքը յուզող գլխաւոր հարցերուն մէջ։ Մինչ փորձելով զսպել իր սիւննի ըմբոստները, նկատի առած, որ ան վստահելիութիւն շահեցաւ Լիբանանի մէջ Իսրայէլին դէմ դնելով եւ Իրաքի մէջ՝ ամերիկացիներուն, սուրիական կառավարութիւնը կրնայ զիջումներ կատարել առանց վտանգելու իր շահերը արաբական աշխարհին մէջ։ Եթէ Միացեալ Նահանգներ կրնան համոզել Դամասկոսը, որ Իրանի եւ Պաղեստինի մէջ, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ծայրայեղականներուն հետ իր ունեցած կապերը արդէն անհրաժեշտ չեն երկրին գոյատեւման համար, ան կրնայ արդիւնաւէտ գործակիցի մը վերածուիլ Իրաքի եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի տարածքին կայունութեան հաստատման մէջ։

Չորս տարի առաջ «Նոր Միջին Արեւելք» մը ստեղծելու երազը ունեցող ամերիկացի Նոր պահպանողականները յայտարարեցին, թէ դէպի Դամասկոս ճամբան կ՚անցնի Պաղտատէն։ Ներկայիս, երբ Միացեալ Նահանգներ կը պայքարի Իրաքի քաոսով ամբողջ Միջին Արեւելքը չվարակելու դատին համար, այնպէս կը թուի, որ Պաղտատէն դուրս գալու դժուարին ճամբան կ՚անցնի Դամասկոսէն։ Իրաքի Ուսումնասիրութիւններու խումբը իրաւունք ունի թելադրելու Սպիտակ տան, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին մեկնած ձեռքը եւս նկատի առնէ աղէտին մեղմացման ի խնդիր։ Միացեալ Նահանգներն ու Սուրիան հասարակաց շահ մը կը հետապնդեն Իրաքի զինեալ սիւննիները սանձելուն մէջ։ Սակայն Դամասկոսի հետ երկխօսութեան իսկական արժէքը աւելի մեծ է, քան Իրաքի հարցը։ Սուրիոյ հետ բանակցութիւնները Միացեալ Նահանգներուն կու տան առիթը ոչ միայն նուազեցնելու Իրաքի մէջ իր ձախողութեան պատճառած վնասը, այլեւ՝ Միջին Արեւելքի միւս շրջաններուն մէջ եւս յաջողութիւններ իրագործելու. նոյնիսկ կրնայ սկիզբ դրուիլ Իսրայէլ-պաղեստինեան հարցին լուծման։

Միացեալ Նահանգներուն ընձեռուած առիթը կը ծագի այն իրականութենէն, որ սուրիական վարչակարգին գերակշիռ ռազմավարական նպատակը գոյատեւումն է։ Քառասուն տարիներ շարունակ սիւննի իսլամները, որոնք կը կազմեն Սուրիոյ բնակչութեան 75 տոկոսը, կը կառավարուին ինքնակալութեան մը կողմէ, որ կը վարուի Սուրիոյ փոքրագոյն փոքրամասնութեան՝ աշխարհիկ ալաուիներուն կողմէ, որոնք ուխտազանցներ կը սեպուին իսլամներուն մեծ մասին կողմէ։ Զարմանալի չէ, որ սիւննիներուն մեծամասնութիւնը վայրագօրէն մերժած է ալաուիներուն իշխանութիւնը։ Ներկայի նախագահին հայրը՝ Հաֆէզ Ասատ, պայքարեցաւ սիւննի իսլամական Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութեան դէմ, 1970ական եւ 1980ական թուականներուն, եւ վերջապէս զսպեց զանոնք 1982ին պահպանողական Համա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճակատամարտի մը ընթացքին, որուն զոհ գացին հազարաւորներ։ Յաջորդող երկու տասնամեակներուն մեծապէս հանդարտ ըլլալով՝ սուրիական իսլամականութիւնը զարթօնք մը կ՚ապրի ներկայիս եւ իսլամական զինեալները դարձեալ ալաուիական վարչակարգը ունին իրենց աչքին առաջ։ Արաբական Միջին Արեւելքը կտրող իսլամականութեան ալիքը կը հարուածէ նաեւ Սուրիան եւ Պաշշարին գլխաւոր նպատակը զայն դուրս քշելն է։

Սուրիական վարչակարգին երկար պայքարը իր սիւննի իսլամականներուն հետ կը քաջալերէ զինք, որ զսպէ նաեւ անոնց եղբայրները, որոնք գերակայ ուժ են կեդրոնական Իրաքի մէջ։ Իսկապէս, մինչ Դամասկոս փորձած է ընթանալ Իրաքի ըմբոստութիւնը դրուատելու ժողովըրդային ալիքին հետ, ան բուռն կերպով արգիլած է որեւէ նիւթական օժանդակութիւն Իրաքի ըմբոստութեան։ Հակառակ անոր, որ Իրաքի տեղեկագիրը կը յանձնարարէ Սուրիոյ, որ «արմատախիլ ընէ դէպի Իրաք եւ Իրաքէն դուրս ելլող նիւթական օժանդակութեան, զինեալներու եւ ահաբեկիչներու որեւէ աղբիւր», Իրաքի ըմբոստութեան վեթերաններ կը տեղեկացնեն, թէ Սուրիոյ տարածուն ապահովական ծառայութիւնները 2004էն ի վեր կ՚աշխատին ձերբակալել կասկածելի զինեալներ՝ ընդհանրապէս յաջողելով փակել Իրաքի հետ իրենց սահմանը 2005էն ի վեր։ Սուրիոյ ղեկավարները ներկայիս աւելի մեծ վախ ունին Իրաքի սիւննի ճիհատականներէն, քան Միացեալ Նահանգներէն։ Սուրիան եւ Միացեալ Նահանգները հետեւաբար բաւարար պատճառ ունին միասնաբար պայքարելու այդ ճիհատականներուն դէմ։

Իրողապէս, մինչ Սուրիա կրնայ անկարող ըլլալ արգիլելու դէպի քաղաքացիական պատերազմ Իրաքի ընթացքը, ան կարեւոր նախադրեալներ ունի այդ քաղաքացիական պատերազմին տարածումը կանխարգիլելու։ Իրաքի փորձանքը հանդիսացող յարանուանական լարուածութիւնները նաեւ գոյութիւն ունին Սուրիոյ մէջ, եւ Սուրիա լաւ դրդապատճառ մը ունի կանխարգիլելու լարուածութեան որեւէ սրում։

Սիւննիական ներքին խլրտումներուն նկատմամբ անխնայ ըլլալով հանդերձ, վարչակարգը նաեւ կը փորձէ անուղղակիօրէն սիրաշահիլ իսլամական ընդդիմադիրները։ Պաղեստինեան հողերուն, Լիբանանի եւ Իրանի իսլամական խմբաւորումներուն հետ Դամասկոսին մշակած կապերը կը նպատակադրեն շեղել անոնց կողմէ ներքին իսլամականութեան ցուցաբերւելիք որեւէ հաւանական նեցուկ։ Մնացեալ արաբական աշխարհին մէջ քաղաքական իսլամութիւնը ժողովրդականութիւն շահած է հակառակելով ամերիկամէտ ինքնակալութիւններու դէմ, որոնք, ըստ անոնց, իրենց ազգային պատիւը կը ծախեն Ուաշինկթընի ընձեռած բարիքներուն փոխարէն։ «Հըզպալլա»ին, «Համաս»ին եւ Իրանի հետ Սուրիոյ դաշինքները զինք անխոցելի դարձուցած են այդ ձեւի ինքնայանձնումի որեւէ ամբաստանութիւններու նկատմամբ։ Պաշշար կը յուսայ, որ դուրսի իսլամական ընդդիմութեան իր կառավարութեան շնորհած նեցուկը կը կանխարգիլէ ներքին որեւէ այդ ձեւի ընդդիմութիւն։

Սակայն Պաշշարին պատեհապաշտ դաշինքները դուրսի իսլամականներուն հետ իրեն երկարաժամկէտ ապահովութիւն չեն ընձեռեր Սուրիոյ իսլամականներուն դէմ։ Օտար իսլամականներու նկատմամբ Դամասկոսի ժողովրդային նեցուկը միայն յաւելեալ ուժ կու տայ քաղաքական իսլամութեան՝ ընդհանրապէս զարկ տալով սուրիացի իսլամականներուն շարքերուն խտացման, որոնք վերջ ի վերջոյ իրենց հայեացքները դէպի ներս պիտի դարձնեն։ Առաւել, մինչ Իրաքի քաղաքացիական պատերազմը շիա եւ սիւննի իսլամներուն միջեւ ստեղծուած վիհը կը խորացնէ եւ արիւնալի կը դարձնէ, «Հըզպալլա»ի եւ Իրանի շիաներուն հետ Սուրիոյ դաշինքները հաւանական են, որ աւելի ենթակայութեան վերածուին, քան՝ շահու աղբիւրի։

Միացեալ Նահանգներուն դէմ Պաշշարին յանդուգն կեցուածքին նեցուկ կանգնելուն կողքին, Իրան երկրին տնտեսութիւնը ամրացնելու ճամբով կ՚օգնէ սուրիական ընկերութեան կայունացման։ Իրանեան ներդրումներուն եւ օժանդակութիւններուն կարիքը մեծապէս կը զգացուի երկրի մը մէջ, որ զրկուեցաւ իր հովանաւոր գերուժէն տասնհինգ տարի առաջ եւ ցարդ մեկուսացուած է Արեւմուտքին կողմէ։ Հեռու ապագային, սակայն, Իրանի տնտեսական նեցուկը եւս անբաւարար պիտի ըլլայ յենարան հանդիսանալու Սուրիոյ ալաուիական վարչակարգին։ Սաստիկ չքաւորութիւնը լաւ պատճառ է հասարակ սուրիացիին համար, որ երազէ ընկերային յեղափոխութեան մը մասին, եւ շուրջ քսան տոկոսի անգործութեան համեմատութիւնը բաւարար ժամանակ կու տայ մարդոց՝ յեղափոխութեան մը մասին մտածելու։

Հեռու ապագային համար Պաշշարի վարչակարգին կայունութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ Կոլանի բարձունքներուն վերատիրանալու բանակցութիւնները շահելէն։ 1967ին Իսրայէլին ձեռքը անցած սուրիական այդ գրաւեալ հողամասին ճակատագիրը կը բորբոքէ հպարտ սուրիացիները։ Անոր վերադարձը ցոյց պիտի տայ, թէ Պաշշար կարողութիւնը ունի ձեռք բերելու արդիւնքներ, որոնք շատ աւելի տպաւորիչ են, քան՝ իսլամական հռետորութիւնը։ Առաւել, Իսրայէլին եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ համապարփակ լուծում մը, որ կը ներառէ Կոլանի վերադարձը, ճամբայ կը բանայ արեւմտեան մեծ ներդրումներու, որոնք լճացումէ կրնան փրկել սուրիական տնտեսութիւնը։ Սուրիական որեւէ կառավարութիւն, որ կը վերադարձնէ Կոլանի բարձունքները յաւիտեան երախտագիտութիւնը կը շահի սուրիացի ժողովուրդին։ Համապարփակ լուծում մը, որ Սուրիան տնտեսական բարգաւաճման ճամբուն մէջ կը դնէ, յաւելեալ հող կը ստեղծէ այդ երախտագիտութեան համար։

Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը առիթը ունին Կոլանի բարձունքները շնորհելու Սուրիոյ՝ Միջին Արեւելքի աւելի կարեւոր վայրերու մէջ, սուրիական կենսական զիջումներու փոխարէն, այլ խօսքով՝ Լիբանանի եւ Իրանի։ Սուրիա կը շարունակէ «Հըզպալլա»ին եւ Իրանի հետ դաշնակցիլ՝ երաշխաւորելու համար իր ալաուիական վարչակարգին գոյատեւումը. Դամասկոս բաւարար պատճառ չ՚ունենար այդ դաշինքները պահպանելու, եթէ անոնք արգելքի վերածուին ընդդէմ այդ վարչակարգին գոյատեւման համար առնուող դիւանագիտական քայլերուն։ Կոլանի վերադարձին փոխարէն, Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը կրնան պահանջել, որ Սուրիա ճնշում բանեցնէ «Հըզպալլա»ին վրայ՝ ի խնդիր անոր զինեալ գործունէութեան դադրեցման եւ Սինիորայի կառավարութեան հետ ուժի բաժնեկցումի համաձայնութեան մը փոխարէն, ինչ որ կը նպաստէ Իսրայէլի հիւսիսային սահմանին կայունացման եւ լիբանանեան մէկ այլ քաղաքացիական պատերազմի մը կանխարգիլման։ Ներկայիս, երբ Իրանի ուժը կը գերիշխէ Միջին Արեւելքի մէջ, անոնք նաեւ կրնան փորձել սիրաշահիլ Դամասկոսը՝ հրաժարիլ տալու համար Թեհրանի հետ իր կապերէն։

Կոլանի հարցով բանակցութիւնները անշուշտ ձախողած են ասկէ առաջ, սակայն այսօր Սուրիոյ հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելու պայմանները որեւէ ժամանակէ աւելի նպաստաւոր են: Լիբանանի մէջ Իսրայէլի դէմ եւ Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներուն դէմ Պաշշարին յաջող կեցուածքները անոր ընձեռած են որոշ կարճաժամկէտ վարկ, ինչ որ կ՚արտօնէ անոր, որ գոյացնէ Իսրայէլ-Սուրիա խաղաղութեան համաձայնութիւն մը՝ առանց սուրիական անձնատուութեան վերաբերեալ ներքին դժգոհութիւններ յառաջացնելու։ Ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս միայն Ռիչըրտ Նիքսըն կրնար Չինաստան երթալ, Պաշշար կրնայ մնայուն խաղաղութեան մը բանակցութիւնները վարել, միայն եթէ իր կարծր կեցուածքներուն վստահելիութիւնը կասկածի առարկայ չդառնայ։ Միեւնոյն ատեն իր վարչակարգին հիմնական երկարակեաց տկարութիւնը Պաշշարին բաւարար պատճառ կու տայ համաձայնութիւն մը գոյացնելու Կոլանի հարցով, երբ տակաւին կրնայ։

Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ ամերիկեան ձախողութիւններուն ի տես Պաշշարին խորամանկ վարմունքը մտածել կու տայ, որ ան ունի իր վարչակարգին երկարակեացութիւնը երաշխաւորելու տուեալները։ Այդ վարչակարգին գոյատեւումը անպայմանօրէն նուազ հաւանականութիւն չ՚ենթադրեր Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարութեան կիրարկման, այլ պարզապէս մտածել կու տայ, որ այդ ժողովրդավարութիւնը անհաւանական է մօտիկ ապագային։ Բանակցութիւնները, սակայն, Միացեալ Նահանգներուն առիթը կ՚ընձեռեն Միջին Արեւելքի միւս շրջաններուն մէջ ժողովրդավարութեան անիրական իր ակնկալութիւններուն վնասը սահմանափակելու։ Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներուն հեղինակութիւնը նուազագոյնի իջած ըլլալով՝ Ուաշինկթըն հաւանաբար տակաւին կարենայ փրկել Իրաքի, Իրանի եւ Լիբանանի արագօրէն վատթարացող կացութիւնը, բայց միայն եթէ Սուրիոյ պատճառ մը տայ այդ գործին մէջ նպաստ բերելու։

Ամբողջ Միջին Արեւելքին մէջ շատ մը երկիրներ ունին մենատիրական ղեկավարներ, դժգոհ քաղաքացիներ, տագնապալի տնտեսութիւններ եւ թուղթէ տուներուն չափ դիւրաբեկ կառավարութիւններ։ Իրաքի Ուսումնասիրութեան խումբին տեղեկագիրները կը զգուշացնեն, որ Իրաքի պատերազմը կրնայ շրջանային տագնապի մը վերածուիլ եւ կը թելադրեն ամերիկացի քաղաքական պատասխանատուներուն, որ փոխելով իրենց մարտավարութիւնը՝ ուղղակի առնչութիւն ունենան Իրանի եւ Սուրիոյ հետ, շահելու համար անոնց համագործակցութիւնը՝ Միջին Արեւելքի կայունացման ի խնդիր։

Asbarez Staff

Asbarez Staff

Next Post

Բռնատէրերու Վախճանը Եւ Արդարադատութեան Նախանձախնդրութիւնը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Recommended

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հայաստանի Մօտ Դեսպաններու Նամակներ Յղեց

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հայաստանի Մօտ Դեսպաններու Նամակներ Յղեց

11 mins ago
Շրջափակման 54րդ Օրը Արցախի Մէջ Նոր Հարցեր Կը Յայտնուին

Շրջափակման 54րդ Օրը Արցախի Մէջ Նոր Հարցեր Կը Յայտնուին

12 mins ago

Connect with us

  • About
  • Advertising
  • Subscribe
  • Contact

© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.

No Result
View All Result
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Սիւնակներ
    • ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
    • ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
    • ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
    • Սասունեանի Անկիւնը
    • ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
    • ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.

Accessibility

Accessibility modes

Epilepsy Safe Mode
Dampens color and removes blinks
This mode enables people with epilepsy to use the website safely by eliminating the risk of seizures that result from flashing or blinking animations and risky color combinations.
Visually Impaired Mode
Improves website's visuals
This mode adjusts the website for the convenience of users with visual impairments such as Degrading Eyesight, Tunnel Vision, Cataract, Glaucoma, and others.
Cognitive Disability Mode
Helps to focus on specific content
This mode provides different assistive options to help users with cognitive impairments such as Dyslexia, Autism, CVA, and others, to focus on the essential elements of the website more easily.
ADHD Friendly Mode
Reduces distractions and improve focus
This mode helps users with ADHD and Neurodevelopmental disorders to read, browse, and focus on the main website elements more easily while significantly reducing distractions.
Blindness Mode
Allows using the site with your screen-reader
This mode configures the website to be compatible with screen-readers such as JAWS, NVDA, VoiceOver, and TalkBack. A screen-reader is software for blind users that is installed on a computer and smartphone, and websites must be compatible with it.

Online Dictionary

    Readable Experience

    Content Scaling
    Default
    Text Magnifier
    Readable Font
    Dyslexia Friendly
    Highlight Titles
    Highlight Links
    Font Sizing
    Default
    Line Height
    Default
    Letter Spacing
    Default
    Left Aligned
    Center Aligned
    Right Aligned

    Visually Pleasing Experience

    Dark Contrast
    Light Contrast
    Monochrome
    High Contrast
    High Saturation
    Low Saturation
    Adjust Text Colors
    Adjust Title Colors
    Adjust Background Colors

    Easy Orientation

    Mute Sounds
    Hide Images
    Virtual Keyboard
    Reading Guide
    Stop Animations
    Reading Mask
    Highlight Hover
    Highlight Focus
    Big Dark Cursor
    Big Light Cursor
    Navigation Keys

    Asbarez - Armenian Accessibility Statement

    Accessibility Statement

    • asbarez.am
    • February 3, 2023

    Compliance status

    We firmly believe that the internet should be available and accessible to anyone, and are committed to providing a website that is accessible to the widest possible audience, regardless of circumstance and ability.

    To fulfill this, we aim to adhere as strictly as possible to the World Wide Web Consortium’s (W3C) Web Content Accessibility Guidelines 2.1 (WCAG 2.1) at the AA level. These guidelines explain how to make web content accessible to people with a wide array of disabilities. Complying with those guidelines helps us ensure that the website is accessible to all people: blind people, people with motor impairments, visual impairment, cognitive disabilities, and more.

    This website utilizes various technologies that are meant to make it as accessible as possible at all times. We utilize an accessibility interface that allows persons with specific disabilities to adjust the website’s UI (user interface) and design it to their personal needs.

    Additionally, the website utilizes an AI-based application that runs in the background and optimizes its accessibility level constantly. This application remediates the website’s HTML, adapts Its functionality and behavior for screen-readers used by the blind users, and for keyboard functions used by individuals with motor impairments.

    If you’ve found a malfunction or have ideas for improvement, we’ll be happy to hear from you. You can reach out to the website’s operators by using the following email

    Screen-reader and keyboard navigation

    Our website implements the ARIA attributes (Accessible Rich Internet Applications) technique, alongside various different behavioral changes, to ensure blind users visiting with screen-readers are able to read, comprehend, and enjoy the website’s functions. As soon as a user with a screen-reader enters your site, they immediately receive a prompt to enter the Screen-Reader Profile so they can browse and operate your site effectively. Here’s how our website covers some of the most important screen-reader requirements, alongside console screenshots of code examples:

    1. Screen-reader optimization: we run a background process that learns the website’s components from top to bottom, to ensure ongoing compliance even when updating the website. In this process, we provide screen-readers with meaningful data using the ARIA set of attributes. For example, we provide accurate form labels; descriptions for actionable icons (social media icons, search icons, cart icons, etc.); validation guidance for form inputs; element roles such as buttons, menus, modal dialogues (popups), and others. Additionally, the background process scans all of the website’s images and provides an accurate and meaningful image-object-recognition-based description as an ALT (alternate text) tag for images that are not described. It will also extract texts that are embedded within the image, using an OCR (optical character recognition) technology. To turn on screen-reader adjustments at any time, users need only to press the Alt+1 keyboard combination. Screen-reader users also get automatic announcements to turn the Screen-reader mode on as soon as they enter the website.

      These adjustments are compatible with all popular screen readers, including JAWS and NVDA.

    2. Keyboard navigation optimization: The background process also adjusts the website’s HTML, and adds various behaviors using JavaScript code to make the website operable by the keyboard. This includes the ability to navigate the website using the Tab and Shift+Tab keys, operate dropdowns with the arrow keys, close them with Esc, trigger buttons and links using the Enter key, navigate between radio and checkbox elements using the arrow keys, and fill them in with the Spacebar or Enter key.Additionally, keyboard users will find quick-navigation and content-skip menus, available at any time by clicking Alt+1, or as the first elements of the site while navigating with the keyboard. The background process also handles triggered popups by moving the keyboard focus towards them as soon as they appear, and not allow the focus drift outside of it.

      Users can also use shortcuts such as “M” (menus), “H” (headings), “F” (forms), “B” (buttons), and “G” (graphics) to jump to specific elements.

    Disability profiles supported in our website

    • Epilepsy Safe Mode: this profile enables people with epilepsy to use the website safely by eliminating the risk of seizures that result from flashing or blinking animations and risky color combinations.
    • Visually Impaired Mode: this mode adjusts the website for the convenience of users with visual impairments such as Degrading Eyesight, Tunnel Vision, Cataract, Glaucoma, and others.
    • Cognitive Disability Mode: this mode provides different assistive options to help users with cognitive impairments such as Dyslexia, Autism, CVA, and others, to focus on the essential elements of the website more easily.
    • ADHD Friendly Mode: this mode helps users with ADHD and Neurodevelopmental disorders to read, browse, and focus on the main website elements more easily while significantly reducing distractions.
    • Blindness Mode: this mode configures the website to be compatible with screen-readers such as JAWS, NVDA, VoiceOver, and TalkBack. A screen-reader is software for blind users that is installed on a computer and smartphone, and websites must be compatible with it.
    • Keyboard Navigation Profile (Motor-Impaired): this profile enables motor-impaired persons to operate the website using the keyboard Tab, Shift+Tab, and the Enter keys. Users can also use shortcuts such as “M” (menus), “H” (headings), “F” (forms), “B” (buttons), and “G” (graphics) to jump to specific elements.

    Additional UI, design, and readability adjustments

    1. Font adjustments – users, can increase and decrease its size, change its family (type), adjust the spacing, alignment, line height, and more.
    2. Color adjustments – users can select various color contrast profiles such as light, dark, inverted, and monochrome. Additionally, users can swap color schemes of titles, texts, and backgrounds, with over 7 different coloring options.
    3. Animations – epileptic users can stop all running animations with the click of a button. Animations controlled by the interface include videos, GIFs, and CSS flashing transitions.
    4. Content highlighting – users can choose to emphasize important elements such as links and titles. They can also choose to highlight focused or hovered elements only.
    5. Audio muting – users with hearing devices may experience headaches or other issues due to automatic audio playing. This option lets users mute the entire website instantly.
    6. Cognitive disorders – we utilize a search engine that is linked to Wikipedia and Wiktionary, allowing people with cognitive disorders to decipher meanings of phrases, initials, slang, and others.
    7. Additional functions – we provide users the option to change cursor color and size, use a printing mode, enable a virtual keyboard, and many other functions.

    Browser and assistive technology compatibility

    We aim to support the widest array of browsers and assistive technologies as possible, so our users can choose the best fitting tools for them, with as few limitations as possible. Therefore, we have worked very hard to be able to support all major systems that comprise over 95% of the user market share including Google Chrome, Mozilla Firefox, Apple Safari, Opera and Microsoft Edge, JAWS and NVDA (screen readers), both for Windows and for MAC users.

    Notes, comments, and feedback

    Despite our very best efforts to allow anybody to adjust the website to their needs, there may still be pages or sections that are not fully accessible, are in the process of becoming accessible, or are lacking an adequate technological solution to make them accessible. Still, we are continually improving our accessibility, adding, updating and improving its options and features, and developing and adopting new technologies. All this is meant to reach the optimal level of accessibility, following technological advancements. For any assistance, please reach out to