ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Անցնող շաբաթավերջին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ուաշինկթընի մէջ ունեցած իր վերջին բանակցութեանց մասին արտայայտուելով ըսաւ, թէ «շատ դժուար է բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել» Միացեալ Նահանգներու ներկայ վարչակարգին հետ:
Արդարեւ, անցեալ Ուրբաթ օր Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակից Քանտըլիզա Ռայսին կողքին նստած Լաւրով յայտարարած էր, թէ Սուրիա եւ Իրան պէտք է դերակատար ըլլան Միջին Արեւելքի տագնապները լուծելու աշխատանքներուն մէջ, սակայն Ռայս հաստատ մնացած էր զանոնք մեկուսացնելու Ուաշինկթընի քաղաքականութեան վրայ:
Ակնարկելով Ուաշինկթընի ներկայ վարչակարգին, Լաւրով ըսած է. «Ասիկա դժուար գործակից մըն է: Շատ հաւանաբար՝ ամենադժուարը»:
Լաւրով քննադատած էր նաեւ պաղեստինեան «Համաս»ն ու լիբանանեան «Հըզպալլա»ն մեկուսացնելու Ուաշինկթընի փորձերը: