ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը յայտարարեց, թէ Օգոստոս 3ին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ կայացած հանդիպումի ընթացքին, ամերիկեան կողմը մտահոգութեամբ արծարծած է Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց եւ մամլոյ ազատութեան պարզած աննախանձելի վիճակը:
Պետական քարտուղարութիւնը ըսաւ, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները «զրպարտելու եւ վիրաւորելու համար պատիժ նախատեսող օրէնքներ կը շահագործեն իշխանութիւնները քննադատող լրագրողները պատժելու համար»:
Անցեալ տարի Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած էին 7 լրագրողներ: