Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մեթիու Միլըր հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման բանակցութիւններուն՝ անկախ անկէ, թէ ո՛ր երկրին մէջ տեղի կ՛ունենան անոնք՝ շեշտելով, որ կարեւորը է, որ երկու կողմերը շարունակեն խօսիլ իրարու հետ:
Ան նշեց, որ Ուաշինկթըն կ՛աջակցի երկու կողմերու միջեւ ուղիղ բանակցութիւններուն: »Մենք այն կարծիքին ենք, որ ուղիղ բանակցութիւնները կարեւոր են վերջնական ու մնայուն կարգաւորման հասնելու համար, որ, մեր կարծիքով, հասանելի է«, յայտարարեց Միլըր: