Այսօր, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19ի գիշերուած ժամը 10-12, «Հորիզոն» հեռատեսիլէն ուղղակի (Live) ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախագահ եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:
Արմէն Ռուստամեան պիտի պատասխանէ նաեւ դիտողներու հարցումներուն, որոնք կարելի է ուղղել ելոյթի ընթացքին, հեռաձայնելով (818) 507-1958 թիւին:
Կլէնտէյլ-Պըրպէնք-Լա Քրեսէնթայի մէջ, «Հորիզոն» կարելի է դիտել Charter-ի 55րդ կայանէն, իսկ այս շրջաններէն դուրս՝ արբանեակային կապի միջոցով: