ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ճանապարհային ոստիկանութիւնը Սեպտեմբեր 1-10 երկարող օրերուն պիտի խստացնէ ճամբաներու հսկողութիւնը, տրուած ըլլալով, որ ուսումնական տարուան սկիզբն է:
Այս օրերուն ճանապարհային ոստիկանութիւնը հսկողութիւն պիտի կատարէ նաեւ մայրաքաղաքի բոլոր 150 ճանապարհամերձ դպրոցներուն մօտ:
Նշենք, որ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը ճանապարհային ոստիկանութեան հետ միասնաբար մշակած է ուսումնական ծրագիր՝ 1-4րդ դասարաններու աշակերտներուն ճանապարհային երթեւեկութեան տարրական կանոններուն ծանօթացնելու համար: