Թրքական «Աքշամ» թերթը հարցազրոյց մը կատարած է Թուրքիոյ կրթական խորհուրդի նախագահ Իրֆան Էրտողանի հետ, որու կարեւոր մէկ մասը կը վերաբերէր Հայկական հարցի մէջ նոր մօտեցումի մը, որ պիտի կիրարկուէր դպրոցական դասագիրքերուն մէջ։ Ըստ նոր մօտեցումին, որ կը ծանուցուի իբրեւ «լուրջ փոփոխութիւն», փոխանակ Հայկական Ցեղասպանութեան վրայ կեդրոնանալու, Հայկական հարցը թուրք աշակերտներուն պիտի ծանօթացուի իբրեւ 1945էն ետք ծաւալած խնդիր մը…
Փոքր յապաւումներով կու տանք հարցազրոյցին այս հատուածը.-
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայկական հարցը ինչպէ՞ս կը պատմուի պատմութեան նոր դասագիրքերուն մէջ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այս տարի այդ նիւթի շուրջ լուրջ փոփոխութիւն կատարուեցաւ։ Թուրքիոյ բարեփոխումներու 1998ի ծրագրով, այլեւս հայկական տեղահանութիւնը կը պատմուէր արեւելեան ճակատի մէջ պատահած անցուդարձերու կարգին։ Իսկ այս տարի դասաւանդութեան առնուած ծրագրին մէջ Հայկական հարցը ժամանակագրական տեսակէտէ դուրս հանուեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի դրուագներու շարքէն եւ այժմ կը ծանօթացուի իբրեւ 1945ի յաջորդող եւ Թուրքիան շահագրգռող ներքին եւ արտաքին սպառնալիք:
Հ.- Այսպիսի տեղական բնոյթով պատմումը վտանգաւոր չէ՞. ոմանք պիտի չառարկե՞ն, որ այսպիսով 1915ը պատմութեան մէջէն դուրս կը հանուի։
Պ.- Ասիկա պատկերացում մըն է։ Ես գիտեմ, որ այս հարցը, 2006ին, նախքան իմ այս պաշտօնի գալս, արդէն պատկան մարմիններու հետ խորհրդակցաբար որոշուած էր։
Հ.- Ասիկա Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեսակէտին հետ եւս կը նոյնանա՞յ։
Պ.- Իմ կարծիքով, շիտակը ա՛յս է։ Հայկական հարցը 1950էն, 1960էն առաջ գոյութիւն չունէր։ Ասիկա ո՛չ միայն մեր, այլ նաեւ աշխարհի օրակարգի վրայ գոյութիւն չունէր։ Հարցը մեր առջեւ դրուեցաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք: Այս պատճառաւ դասագիրքերուն մէջ իբր հիմք առնուած է այն թուականը, երբ այս հարցը մէջտեղ դրուեցաւ, այլ ո՛չ թէ այն թէ ի՞նչ է մեր պաշտօնական տեսակէտը։
Հ.- Իրաւունք ունիք, բայց այս պարագային չէ՞ք խորհիր, որ Թուրքիոյ դէմ քննադատութիւն մը կը կատարուի այն պնդումով, թէ այստեղ տղոց կը սորվեցնեն ո՛չ թէ պատմութիւնը, այլ պետական պաշտօնական տեսակէտը։
Պ.- Ընդհակառակը, աւելի ճիշդ է հարցը այս ձեւով մշակել։
Հ.- Շատ լաւ, բայց եթէ աշակերտ մը հարցնէ, թէ 1915ին ի՞նչ եղաւ։
Պ.- Դասագրքին մէջ 1915ը ցոյց չէ տրուած իբրեւ չպատահած դէպք։ Բայց Թուրքիոյ համար Հայկական հարցը հարց դարձած թուականէն ետք պիտի դասաւանդուի։ Դասագրքին մէջ պատմուած է նաեւ ԱՍԱԼԱի կողմէ թուրք դեսպաններու վրայ կատարուած յարձակումներուն մասին։
Հ.- Կը պատմուի՞ նաեւ, թէ կարգ մը խորհրդարաններ Ցեղասպանութեան մասին որոշումներ ընդունած են։
Պ.- Այդ մասին բացատրութիւն տրուած է հայկական լոպիին կողմէ միջազգային գետնի վրայ կատարուած ձեռնարկներու հատուածին մէջ։
Հ.- Արտայայտութեան եղանակին մէջ փոփոխութիւններ կա՞ն։
Պ.- Կան: Դուրս հանուած են այն բառերը, որոնք նուաստացուցիչ կրնան նկատուիլ։
Հ.- Այս դասագիրքը տպուեցա՞ւ։
Պ.- Անշուշտ: Այս տարի պիտի գործածուի դպրոցներու մէջ։