ԵՐԵՒԱՆ «Երկիր».- Շաբաթ, Սեպտեմբերի 29ին, Ուքրանիոյ Նիքոլաեւ քաղաքին մէջ կայացաւ հայկական եկեղեցիի հիմնադրման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութենէն, արարողութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկած են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ թեմի առաջնորդ Գրիգորիս արք. Բունիաթեան, Նիքոլաեւի մարզի նահանգապետ Ալեքսէյ Կորքուշա, Նիքոլաեւի փոխքաղաքապետ Թամիլա Պուկաենքօ, Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ Հայկ Բամբուխչեան եւ Նիքոլաեւի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայ մշակոյթի միութեան նախագահ Գարիկ Մկրտչեան:
Այս ձեռնարկի նախօրէին կայացած է Ուքրանիոյ հայերու միութեան վարչության հերթական նիստը, որու ընթացքին քննարկուած է նաեւ Հայաստանի գիւղական համայնքներուն եւ յատկապէս սահմանամերձ գիւղերուն օժանդակելու հարցը: