ՀՐԱԶԴԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունուար 28ին տեղի պիտի ունենան Չարենցաւանի համայնքի ղեկավարի ընտրութիւնները:
Ըստ 26 ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Աղուան Ղուկասեանի, առաջադրուած էին 3 թեկնածուներ: Սակայն Լուսիա Պետրոսեանի փաստաթուղթերու բացակայութեան պատճառով վերջինիս թեկնածութիւնը մերժուած է, եւ որպէս թեկնածուներ արձանագրուած են անկուսակցական Յակոբ Շահգալդեանը եւ ՄԱԿ անդամ Արթուր Գալստեանը:
Ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովի նախագահի հաստատումով՝ արդէն իսկ տեղի ունեցած են տեղամասային յանձնաժողովներու առաջին նիստերը, որոնց ընթացքին ընտրուած են յանձնաժողովներու նախագահները, տեղակալները եւ քարտուղարները:
Նշենք, որ Չարենցաւանի մէջ կայ մօտ 23 հազար ընտրող: