ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- «Չաւախքը մշտապէս եղել է եւ մնում է Հայաստանի ուշադրութեան կիզակէտում: Օրէցօր մեծանում է այդ երկրամասի նշանակութիւնն ամբողջ տարածաշրջանում եւ դա գիտակցում են բոլորը: Այդ պարագայում Հայաստանի համար այն էլ աւելի ուրոյն իմաստ է ստանում», «Չաւախք» հայրենակցական-բարեգործական միութեան «Հայրենիք» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան:
Նախարարը հաստատած է, որ Հայաստան ուշի ուշով կը հետեւի Չաւախքի մէջ տեղի ունեցող բոլոր գործընթացներուն եւ տեղեակ է ջաւախքահայութեան ընկերային, տնտեսական, լեզուական, կրթական խնդիրներէն: Ան յիշեցուցած է նաեւ, որ գոյութիւն ունի Սամցխէ-Չաւախքի առաջնահերթ զարգացման ծրագիր, զոր վրացական կառավարութիւնը ընդունած է երեք տարի ժամկէտով. «Մենք չափազանց կարեւորում ենք Սամցխէ-Չաւախքի ճանապարհափոխադրութեան համակարգի վերականգնման ու կառուցման աշխատանքները, որոնք իրականացւում են «Հազարամեակի մարտահրաւէր-Վրաստան» (MCG) ծրագրի շրջանակներում: Ես ինքս ականատես եղայ, որ այս խոշոր ծրագրի իրականացումն արդէն ընթացքի մէջ է», ըսած է ան:
Նախարարը բարձր գնահատած է վրացական իշխանութիւններու իրատեսական մօտեցումները եւ ազգային փոքրամասնութիւններու՝ համարկման եւ բարեփոխումներու գործընթացքները եւ նշած է, որ Հայաստան պատրաստ է ամէն ձեւով անոնց օժանդակելու: «Հայաստանի կառավարութիւնն ուշադրութեամբ հետեւում է վիրահայութեան խնդիրներին եւ մշտապէս տարբեր ծրագրերով նպաստում է դրանց լուծմանը: Մասնաւորապէս՝ վերջին վեց տարիների ընթացքում ՀՀ պետպիւտճէի միջոցների հաշուին հիմնովին վերանորոգուել է 46 դպրոց, տարեկան 30 միլիոն դրամի գոյք է տրամադրւում Վրաստանի հայկական դպրոցներին, ապահովւում է վիրահայ պատուիրակութիւնների մասնակցութիւնը Հայաստանում կազմակերպուող համահայկական միջոցառումներին», նշած է ԱԳ նախարարը եւ աւելցուցած նաեւ, որ 2008ին կը նախատեսուի սկսիլ Չաւախքի մշակութային հաստատութիւններու վերանորոգման ծրագիրը:
Նախարար Օսկանեան դրական արտայայտուած է նաեւ Չաւախքի հասարակական կազմակերպութիւններուն մասին՝ նշելով, որ անոնց աշխոյժ ու յամառ աշխատանքը ուղղուած է հայապահպանութեան, ինչպէս նաեւ կրթութեան ու մայրենի լեզուի կարգավիճակի բարդ հարցերու կարգաւորումին. «Մենք հպարտ ենք, որ պատմութեան ելեւէջումների միջով անցած ջաւախքահայութիւնը, չնայած բազմաթիւ փորձութիւններին ու դժուարութիւններին, կարողացել է պահպանել ազգային ինքնութիւնը, լեզուական եւ մշակութային աւանդները», նկատած է նախարարը:
Նախարար Օսկանեան վստահեցուցած է նաեւ, որ Հայաստան շահագրգռուած է հայ համայնքներուն մէջ հայեցի կրթութեան զարգացման, հայկական մշակոյթի եւ ոգիի պահպանման համար: Միաժամանակ, ան նշած է, որ Հայաստան միշտ կարեւոր համարած է կեցութեան երկիրի ընկերային դաշտի մէջ հայկական համայնքի համարկումը. «Լեզուի իմացութիւնը, հասարակական յարմարեցումը հանդիսանում են իւրաքանչիւր երկրի քաղաքական եւ տնտեսական կեանքի մէջ ներգրաւման կարեւորագոյն գործօններ, որոնք իրենց հերթին կը նպաստեն ազգային փոքրամասնութիւնների կողմից իրենց շահերի առաւել արդիւնաւէտ պաշտպանմանը: Իսկ Չաւախքի պարագայում, դրանք հայ եւ վրացի ժողովուրդների յարաբերութիւններում կը վերածուեն նաեւ կարեւոր կամրջի», համոզում յայտնած է ան:
Ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուամշակութային, կրթական եւ, ի հարկէ, իրաւական ոլորտի կուտակուած խնդիրներու նկատմամբ, ըստ նախարար Օսկանեանի, անհրաժեշտ է դրսեւորել ամբողջական եւ զգոյշ մօտեցում: Այս ոլորտին մէջ շեշտը դրուած է միջազգային իրաւական պարտաւորութիւններու կատարման վրայ, որոնց տառին եւ ոգիին ալ համապատասխան պէտք է ուղղորդուին փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ գործողութիւնները: Ան ընդգծած է նաեւ, որ Վրաստան միջազգային եւ միջկառավարական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու անդամ է, որոնց շրջանակներով ստանձնած է մարդու եւ էթնիք փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային եւ իրաւական տարբեր պարտաւորութիւններ:
Ինչ կը վերաբերի միջազգային փորձին, փոքրամասնութիւններու մայրենի լեզուի՝ որպէս երկրորդ լեզուի գործածութեան խնդիրին, ապա նախարարը վկայակոչեց ԵԱՀԿ տարածաշրջանի երկիրները, որոնցմէ ութն ունին երկու պաշտօնական, երկու երկիր՝ երեք պաշտօնական լեզու, իսկ 22 պետութիւններու մէջ պաշտօնական լեզուի հետ զուգահեռ այլ լեզուներուն տրուած է յատուկ կարգավիճակ:
Անդրադառնալով Կարս-Ախալքալաք երկաթգիծի շինարարութեան նախագիծին, նախարար յայտնած է, որ ինք բազմիցս յայտարարած է, որ այն, ինչպէս եւ քարիւղատարն ու կազատարը չեն կրնար տնտեսական խոշոր վնաս պատճառել Հայաստանին. «Այնուհանդերձ, դրանք քաղաքական տեսակէտից ի վիճակի են անբարենպաստ մթնոլորտ ստեղծել մեր տարածաշրջանում: Բացայայտ է, որ Կարս-Ախալքալաք երկաթգծի շինարարութեան մասին որոշումը ընդունուել է քաղաքական շարժառիթներով՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիայի դրդմամբ: Իսկապէս անտեղի ու անհիմն են այն հարիւր միլիոնաւոր տոլարների ծախսերը, որոնք նախատեսուած են ընդամէնը գոյութիւն ունեցող երկաթուղուն (Կարս-Գիւմրիին) զուգահեռ նորը կառուցելու համար», ընդգծած է ան: Իսկ ինչ վերաբերոի այս նախագիծին Վրաստանի մասնակցութեան, ապա նախարարի խօսքով, դժուար է պատկերացնել որեւէ պետութիւն, որ կը հրաժարի նման շահաւէտ պայմաններով՝ սեփական փոխադրութիւններու ենթակառոյցը վերանորոգելու եւ նորը կառուցելու ծրագիրէն. «Վրաստանում, բացի տնտեսական աճից ու եկամուտների ակնկալիքներից, չեն թաքցնում, որ այդ ծրագիրը մեծապէս նպաստելու է նաեւ կեդրոնի ու տարբեր շրջանների միջեւ հաղորդակցութեան կապերի վերականգնմանը», ըսած է ան: