ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Սեպտեմբեր 25ին Ախալցխայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական երիտասարդական կեդրոնի բացումը: Կեդրոնի ծրագիրի իրականացումը կատարուած է Հայ օգնութեան միութեան Չաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներու յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, իսկ կեդրոնի վերանորոգումը ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի մասնաճիւղի Չաւախքի հիմնադրամի տրամադրած միջոցներով: Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Ախալցխայի քաղաքապետ Թամազ Փեթրիաշուիլին, ՀՕՄԻ Արեւմտեան Ամերիկայի մասնաճիւղի Չաւախքի հիմնադրամի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Հայկուշ Քոհլըր, Հայ օգնութեան միութեան Չաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներու յանձնախումբի նախագահ Բագրատ Սարգսեան, ամերիկահայ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Վաչէ Բրուտեան, Սամցխէ-Չաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի ներկայացուցիչներ եւ այլք:
Կեդրոնի բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Ախալցխայի շրջանի հոգեւոր հովիւ տէր Շմաւոն քահանան:
Կեդրոնի բացումը ողջունեցին Ախալցխայի քաղաքապետ Թ. Փեթրիաշուիլին, Հայ օգնութեան միութեան Չաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներու յանձնախումբի նախագահ Բագրատ Սարգսեան, բարերար Հայկուշ Քոհլըր, Ախալցխայի շրջանի ղեկավարի տեղակալ Սերկէյ Օքսուզեան, ՀՕՄի Չաւախքի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Կարինէ Թադեւոսեան:
Նշենք, որ կեդրոնը ունի քանի մը սենեակներ եւ ժողովասրահ եւ այնտեղ պիտի գործեն համացանցային ակումբ, գրադարան ու ստեղծագործական տարբեր խմբակներ: