ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Նոյեան Տապան».- Յուլիս 12ին Ախալքալաքի շրջանային դատարանի դատաւոր Արարատ Եսոյեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ «Միասնական Չաւախք» ժողովրդավարական դաշինքի անդամ Արթուր Պօղոսեանի դատավարութիւնը:
Դատական գործընթացը սկսելէ յետոյ, Արթուր Պօղոսեանի շահերու պաշտպան Ազատ Խորշիկեան պահանջեց փոխել խափանման միջոցը: Կէսժամեայ ընդմիջումէն յետոյ, դատաւոր Արարատ Եսոյեան 2000 լարի գրաւի դիմաց (մօտ 1200 տոլար) ընթացք տուաւ պահանջին եւ Արթուր Պօղոսեան ազատ արձակուեցաւ:
Արթուր Պօղոսեանի դատաքննութիւնը պիտի շարունակուի Յուլիս 22ին: