ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Արմէնփրէս».- Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքներու ամփոփումէն 23 օր անց, Նոյեմբեր 2ին Չաւախքի մէջ տեղի ունեցաւ շրջանային վարչութեան ժողովի առաջին նիստը:
32 պատգամաւորներու լիազօրութիւններու արձանագրումէն յետոյ կատարուած քուէարկութեան արդիւնքով, առաջադրուած երեք թեկնածուներէն շրջանային վարչութեան ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Խաչատուր Այվազեան, իսկ տեղակալ՝ Նորայր Կարապետեան:
Նորընտիր նախագահը ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ խնդիրները պէտք է լուծուին իշխանութիւններուն հետ միասին՝ քաղաքակիրթ ճանապարհով:
Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու օրէնքի համաձայն՝ գործավարութիւնը վրացերէն լեզուով կատարելու առնչութեամբ նշուեցաւ, որ շրջանային վարչութեան կանոնադրութեամբ պէտք է ընդունուի որոշում գործավարութիւնը եւ դատավարութիւնը վրացերէնին զուգընթաց հայերէնով կատարելու վերաբերեալ: