ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Սեպտեմբեր 3ին տեղի ունեցաւ Ախալքալաքի տեղական ինքնակառավարման մարմինի (ՏԻՄ) կրթութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան եւ մարզական հարցերով յանձնախումբին կից հայերէնին տարածաշրջանային լեզուի կարգավիճակ տալու հարցի ուսումնասիրման եւ առաջարկներու նպատակով կազմուած ժամանակաւոր աշխատանքային խումբի երկրորդ նիստը:
Նիստին կը մասնակցէին Նորիկ Կարապետեան, Դաւիթ Ռստակեան, Ստեփան Յակոբեան, Սաշա Սիմոնեան, Մելս Թորոսեան, Ազատ Շիպակցեան, Անդրանիկ Աբելեան եւ Արտակ Գաբրիէլեան:
Աշխատանքային խումբը օրակարգին ունէր մէկ հարց. հայերէնին տարածաշրջանային լեզուի կարգավիճակ տալու խնդիրը:
Հարցին մասին զեկուցեց Դ. Ռստակեան, որ մասնաւորապէս նշեց, թէ տեղական ինքնակառավարման մարմինի հայազգի պատգամաւորները, բացառութեամբ մէկուն, համաձայն են Յունիս 28ին տեղական ինքնակառավարման մարմինի պատգամաւորներու առաջարկին, որ կ’առաջադրէ Սամցխէ-Չաւախքի եւ Քուէմօ Քարթլիի տարածաշրջաններուն մէջ հայերէնին, պետական լեզուին զուգահեռ, տարածաշրջանային լեզուի կարգավիճակ տալ: Անոնք նաեւ ստորագրած են այս փաստաթուղթը:
Փաստօրէն Ախալքալաքի տեղական ինքնակառավարման մարմինի նիստը օրինականօրէն որոշած է դիմել Վրաստանի նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին, պահանջելով, որ ձեռնարկեն անյետաձգելի եւ անհրաժեշտ միջոցներ՝ Վրաստանի սահմանադրութեան մէջ ամրագրելու յօդուած, որ վրացերէն լեզուի կողքին հայոց լեզուի համար կը սահմանէ տարածաշրջանային լեզուի կարգավիճակ, ինչ որ Վրաստանի Սամցխէ-Չաւախքի եւ Քուէմօ Քարթլիի տարածաշրջաններուն մէջ աւանդաբար եւ համախումբ ապրող ազգութեամբ հայ քաղաքացիներուն կ’ապահովէ հայոց լեզուի անսահմանափակ կիրառումը պետական եւ հասարակական բոլոր կառոյցներուն մէջ:
Նիստին ելոյթներ ունեցան աշխատանքային խումբի այլ մասնակիցներ եւս, որոնք խօսելով նախագիծին եւ տեղական ինքնակառավարման մարմինի նիստին ընթացած քննարկումներուն մասին, հաստատեցին, որ ներկայացուած որոշման նախագիծը քուէարկութեան արդիւնքով, ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ ընդունուած է, սական նախագիծի բացատրական մասի վերամշակման պատճառաբանութեամբ, որոշման վերջնական օրինականացումը յետաձգուած է։ Իսկ բացատրական մասի մշակման համար կազմուած է աշխատանքային այս խումբը, որ շուտով կատարած է իր աշխատանքը եւ ներկայացուցած՝ տեղական ինքնակառավարման մարմինի գրասենեակին:
Անհասկնալի կը մնայ այն հարցը, թէ ինչո՞ւ խնդրոյ առարկայ հարցին ընթացք չի տրուիր:
Նշուեցաւ նաեւ, որ շրջանի բնակչութիւնը եւ լրատուամիջոցները տեղական ինքնակառավարման մարմինի կողմէ տեղեակ չեն պահուած այս հարցի ընթացքի մասին, որ կը նշանակէ, թէ մարմինը անյարգալիր վերաբերում ունի զինք ընտրողներուն նկատմամբ:
Աշխատանքային խումբի նիստը մանրամասնօրէն քննութեան առնելով իւրաքանչիւր մասնակիցի բացատրութիւնները, պարզաբանումները եւ առաջարկները, որոշեց հետեւեալը.- Առաջին, 2007ի Յունիս 28ին տեղի ունեցած Ախալքալաքի տեղական ինքնակառավարման մարմինի նիստի ընդունած վերոնշեալ որոշումը կը բխի Վրաստանի որդեգրած ժողովրդավարական սկզբունքներէն, համահունչ է ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան մասին Եւրոխորհուրդի շրջանակային հռչակագիրին եւ Ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուներու մասին եւրոպական փաստաթուղթին եւ այլ միջազգային փաստաթուղթերու պահանջներուն, եւ ընդունուած է որպէս իրաւաբանական կայացած փաստաթուղթ:
Երկրորդ, առաջարկել տեղական ինքնակառավարման մարմինի ժողովի նախագահին, որ սահմանուած կարգով եւ ժամկէտներու ընթացքին հայոց լեզուին տարածաշրջանային լեզուի կարգավիճակ տալու մասին նշուած որոշումը հասցնէ երկիրի նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին: