ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Օգոստոս 4ին Ախալքալաք այցելեցին Վրաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի անձնակազմի գլխաւոր փորձագէտ Պեքա Մինտիաշւիլի եւ անձնակազմի ազգային փոքրամասնութիւններու գծով համադրող Քոպա Չոպլիանի:
Անոնք իրենց փափաքով հանդիպում ունեցան Սամցխէ-Չաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի ներկայացուցիչներ՝ Մելս Թորոսեանի, Դաւիթ Ռստակեանի, Ազատ Շիպակցեանի, Վաչագան Ռստակեանի եւ Արտակ Գաբրիէլեանի հետ:
Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն կողմէ Վրաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն ներկայացուեցան Սամցխէ-Չաւախքի հայ բնակչութեան կացութիւնը բարելաւելու անյետաձգելի բնոյթը, Եւրոպայի խորհուրդին նկատմամբ Վրաստանի պարտաւորութիւնները եւ պարտականութիւնները յստակացնող յուշագիրի հայերէն եւ վրացերէն տարբերակները, ինչպէս նաեւ շարք մը նամակներ ու փաստաթուղթեր, որոնք մինչ այս հանդիպումը ուղարկուած էին վրացի բարձրաստիճան իշխանաւորներուն եւ մնացած էին անպատասխան:
Վրացի մարդկային իրաւանց գործիչները աւելի հետաքրքրուած էին դպրոցներու տնօրէններու, հայերէնի կարգավիճակի, «Վիրք» կուսակցութեան արձանագրուած չըլլալուն եւ ինքնավարութեան վերաբերող հարցերով:
Երեք ժամ տեւած զրոյցի ընթացքին, խորհուրդի ներկայացուցիչները պարզաբանեցին վերոնշեալ հարցերը եւ ներկայացուցին շրջանի բնակչութիւնը յուզող շարք մը այլ խնդիրներ:
Վրաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի անձնակազմի անդամները խոստացան, որ արծարծուած հարցերը անպատասխան չեն մնար: