Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու կրկին անդրադարձաւ Երեւանի մէջ «Նեմեսիս» գործողութեան մասնակիցներուն նուիրուած յուշարձանի բացման՝ զայն որակելով «անընդունելի քայլ»։ «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին ըսաւ խումբ մը ատրպէյճանցի լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին։
«Ասիկա անընդունելի քայլ է։ Մենք շարք մը պատասխան քայլերու ձեռնարկած ենք՝ Հայաստանի համար փակելով օդային տարածքը երրորդ երկիրներ թռչիքներու համար։ Այսօր մենք կ՛անկնալենք, որ Երեւանը պիտի սրբագրէ այս սխալը», յայտնեց Չաւուշօղլու։
Ան նաեւ ըսաւ, որ Անգարան Երեւանի հետ երկխօսութեան մէջ որեւէ նախապայման չէ առաջադրած։ «Մենք հայկական կողմին չենք ըսած՝ հրաժարեցէք շինծու Ցեղասպանութենէն, եւ այդ ժամանակ մենք որոշակի քայլերու պիտի ձեռնարկենք։ Երեւանը եւս իրաւունք չունի մեզի թելադրելու իր պայմանները», ըսաւ Չաւուշօղլու։