Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն դարձեալ դիմեց Քոնկրեսի հանրապետականներուն` Ուքրանիոյ յաւելեալ զինուորական օգնութիւն տրամադրելու խնդրանքով` զգուշացնելով, որ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ յաղթանակը Մոսկուային կարելիութիւն պիտի տայ յարձակելու ՆԱԹՕի դաշնակիցներուն վրայ, կը հաղորդէ «Ամերիկայի Ձայն»ը:
«Եթէ Փութին Ուքրանիան գրաւէ, ան այդքանով կանգ պիտի չառնէ», ազդարարեց Պայտըն` աւելցնելով, որ Փութին կրնայ յարձակիլ ՆԱԹՕի դաշնակիցի մը վրայ, որմէ ետք ամերիկեան զօրքերը պիտի պարտադրուին կռուիլ ռուսական զօրքերուն դէմ:
«Չենք կրնար արտօնել, որ Փութին յաղթէ», ընդգծեց ան։
Նշենք, որ Ծերակոյտը Չորեքշաբթի ուշ երեկոյեան արգելակեց Ուքրանիոյ 106 միլիառ տոլարի օգնութիւն տրամադրելու բանաձեւը` նախագիծին մէջ ներգաղթի ոլորտին մէջ բարեփոխումներու կէտեր աւելցնելու՝ հանրապետականներուն առաջարկին բացակայութեան պատճառով: Պայտըն խոստացաւ շարունակել հանրապետականներուն հետ բանակցութիւնները, անոնց պահանջներէն գոնէ մաս մը գոհացնելու նպատակով։
Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի «Եօթներու խմբակ»ի ղեկավարներուն յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր յոյսը կը դնէ Ուքրանիոյ արեւմտեան աջակցութեան «քայքայման» վրայ` աւելցնելով, որ ռուսական բանակը ճակատին վրայ «ճնշումը մեծապէս աւելցուցած է»:
«Ռուսիա մէկ բան կը յուսայ` ազատ աշխարհի միասնականութեան քանդումը: Ռուսիա կը կարծէ, որ Ամերիկա եւ Եւրոպա տկարութիւն ցոյց պիտի տան, եւ վերջ պիտի տան Ուքրանիոյ պատշաճ մակարդակով իրենց աջակցութեան», «Եօթներու խմբակ»ի առցանց ժողովին ընթացքին յայտնեց Զելենսքի:
Ան յայտնեց, որ իր երկիրը պէտք է յաղթէ ներքին եւ արտաքին «հրապուրման ճակատամարտին մէջ»:
«Ազատ աշխարհը իր միասնականութիւնը պահպանելու կենսական կարիքը ունի», եզրակացուց Զելենսքի: