«Չէք Կրնար Մեզ Բնաջնջել». Էրիք Իսրայէլեան Եւ Շեր Կը Գրեն Newsweek-ի Մէջ
Աշխարհահռչակ երգչուհի Շեր եւ անուանի ամերիկահայ բժիշկ, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած »Խոստումը« ֆիլմի արտադրող ու բարերար Էրիք Իսրայէլեան հրապարակած են յօդուած մը ամերիկեան Newsweek թերթին մէջ՝ աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրելով Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած մարդասիրական ճգնաժամին վրայ, որ հետեւանք է Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքը փակելու անմարդանային քայլին:
«Չէք Կրնար Մեզ Բնաջնջել« խորագիրը կրող յօդուածին մէջ, հեղինակները կը յայտնեն, որ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն պատճառով Արցախի մէջ 120 հազար մարդոց կեանքը սպառնալիքի տակ է, եւ աշխարհը պարտաւոր է ուշադրութիւն դարձնելու ստեղծուած իրավիճակին վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ կեանքեր փրկել: «Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբուն՝ Ատրպեճանի բարբարոս արգելափակումը շրջանը զրկած է ուտելիքի եւ կեանքի համար կարեւոր միջոցներու մատակարարման հնարաւորութենէն: Ցեղային զտման այս քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ մշակոյթը ջնջելու նենգ փորձերը պարզապէս բարբարոսական են», կը գրեն անոնք:
Շեր եւ Իսրայէլեան կը պատմեն նաեւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի ամէնէն սուր օրերուն՝ 2020ին, Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումին մասին, որուն բացայայտօրէն կ՛աջակցէր Թուրքիա՝ մարտադաշտ բերելով օտար վարձկաններ:
«Ռազմագերիները բռնութեան ենթարկուած են կամ սպաննուած: Սրբավայրերը պղծուած եւ ոչնչացուած են, իսկ Ատրպէյճանի բռնապետական ղեկավարութիւնը խրախուսած եւ ողջունած է այդ բռնութիւնները: Հայերու նկատմամբ ատելութիւնը կը տարածուի պետութեան հովանաւորած լրատուամիջոցներուն եւ ընկերային ցանցերու միջոցով, եւ այդ մէկը պաշտօնապէս կը սորվեցնեն մանուկներուն», կ՛ըսեն հեղինակները՝ յայտնելով, որ միջազգային հանրութեան արտօնութեամբ Ատրպէյճան կը շարունակէ նման գործողութիւններ եւ արդէն սկսած է խորանալ նաեւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ:
Անոնք ուշադրութիւն կը հրաւիրեն նաեւ Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց եւ ազատութիւններու ոտնահարումներուն վրայ: «Արցախ եււ Հայաստան՝ տարածաշրջանի բացառիկ ժողովրդավարութիւնները, չեն կրնար զոհաբերուիլ յանուն ոեւէ մէկուն քաղաքական նպատակայարմարութեան», կը գրեն Շեր եւ Իսրայէլեան: Անոնք կը յայտնեն, թէ իրենք համոզուած են, որ իբրեւ աշխարհի մէջ հեղինակութիւն եւ ազդեցութիւն ունեցող անձեր՝ իրենք պէտք է կիրառեն իրենց ներուժը եւ հնարաւորութիւնները՝ ամէնէն բարձր մակարդակներու վրայ պատմելու այս պատմութիւնը:
«Կը խնդրենք Միացեալ Նահանգներու մեր քաղաքական առաջնորդներէն եւ աշխարհի բոլոր այն մարդոցմէ, որոնց համար կարեւոր են արդարութիւնը եւ արժանապատւութիւնը, պոյքոթի ենթարկել եւ պատժամիջոցներ կիրառել Պաքուի դէմ, դադրեցնել գումարներու անդադար հոսքը անոնց եւ կիրառել աւելի հետեւողական չափորոշիչներ այն ատեն, երբ խօսքը մարդկային իրաւանց մասին է», կ՛եզրափակեն Շեր եւ Իսրայէլեան: