ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ստորերկրեայ ջուրի պաշարներու (3147 միլիոն խորանարդ մեթր) 74 տոկոսը կը գտնուի Արարատեան արտէզեան ջրաւազանին մէջ, որմէ 691 միլիոն խորանարդ մեթրը կ’օգտագործուի խմելու եւ ոռոգման նպատակներով, 550 միլիոն խորանարդ մեթրը կը շոգիանայ, իսկ մնացեալը կ’արտահոսի սահմաններէն դուրս: Ստորերկրեայ ջուրերը բարձրորակ են եւ խմելու համար միանգամայն պիտանի, սակայն վատ պաշտպանուած:
Ըստ բնապահպանութեան նախարարութեան, տարեկան 400 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր կը հոսի դէպի Թուրքիա, Նախիջեւան եւ Իրան: Լրացուցիչ ջուրերու հոսքը Արաքսի աւազան տարեկան 189 միլիոն խորանարդ մեթր է, իսկ Քուռի աւազան՝ 106 միլիոն խորանարդ մեթր:
«Հայաստանի ջուրի ազգային ծրագիրը», որը նպատակաուղղուած է ջրային կարողութիւններու նպատակայարմար օգտագործման, պահպանման եւ անոնց համապարփակ կառավարման խնդիրներու լուծման, ձեւակերպած է նաեւ անդրսահմանային ջուրերու օգտագործման պայմանագիրները, ինչպէս նաեւ անոնց հեռանկարային ներդաշնակեցման ձեւերը իրար հետ: