Ո՞վ կարող էր մտքէն իսկ անցնել, թէ ասպնջական ու շէնշող Լիբանանը, գոհարը՝ Միջին Արեւելքի, օր մը կրնար դառնալ արեան հեղեղի երկիր, մարդակուլ ու կործանարար ողբերգութիւններու թատերաբեմ, տասնամեակներ շարունակ:
Այս օրերուս պատմութիւնը կը կրկնուի աւելի ուժգին, աւելի վայրագ, հրեշատիպ զէնքերու օգտագործումով մահասփիւռ սաւանին տակ ճզմելով ամէն ինչ:
Նպատակս այս օրերու վշտաչարչար Լիբանանի ջախջախուած առօրեան նկարագրելը չէ, այլ այն միւսը՝ հեռուէն փայլող ու զիս կանչող, աշխարհի վեհագոյն եւ միջազգային մշակոյթի փառատօններու փայլատակող աւանը, որը նոյնպէս խոցուեցաւ կրկին կոյր ռմբակոծումներու տարափին տակ, ծուխ ու մուխի մէջ թողելով աւերակներէն ծնած փիւնիկը:
Պաալպէք՝ Պէքայի հարուստ եւ արգասաբեր դաշտագետնի վրայ հանգչած, պատմական եւ հինաւուրց այս քաղաքը, շքեղօրէն պահպանուած հսկայական իր երեք տաճարներով, կոթողներով, քանդակներով, ճարտարապետական յօրինուածքով ու գեղեցկութեամբ, մեզի կը ներկայանայ որպէս Հելիոպոլիսը Լիբանանի եւ հրաշալիքներէն մէկը աշխարհի:
3000 տարի Ք.Ա. եւ անկէ ալ հին սեմական հետքեր կրող այս հիասքանչ քաղաքի հզօրութիւնն ու մեծութիւնը կարելի է չափել ու հասկնալ միայն հոն այցելելէ ետք:
Պաալպէք՝ փառատօնի քաղաք: Կարելի չէ ամառնային եղանակին այցելել Լիբանան ու ներկայ չըլլալ փառատօնի պարիկային երեկոներէն մէկն ու մէկուն:
1955էն ի վեր Լիբանանի միջազգային ֆեսթիվալի ժրաջան վարչութիւնը, որ այդ օրերուն կը վայելէր նախագահ Քամիլ Շամունի հովանաւորութիւնը, ձեռնհասութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը կազմակերպէ գեղարուեստական ամիս մը Յուլիս-Օգոստոսին, ուր կու գան ելոյթ ունենալու ամէն ազգի արժեքաւոր խումբեր արուեստի բարձրագոյն մակարդակի կատարումներով:
1965ին Պաալպէքի միջազգային ֆեսթիվալի վարչութիւնը նպատակադրած էր աւելի լայն տարողութեամբ եւ պատրաստութեամբ տօնել իր գործունէութեան տասնամեակը, թուական մը, որ բարեդէպօրէն կը զուգադիպի հայ ժողովրդի Ապրիլեան Յիսնամեակին: Հայահոծ գաղութ մը կ’ապրի չքնաղ այդ երկրին մէջ, որուն քաղաքացիներն ըլլալու հպարտութիւնը ունինք: Մեր դպրոց-եկեղեցիներով, մարզական թէ մշակութային ակումբներով, ուր կ’աճին ու կը զարգանան մեր Մեսրոպեան գիրն ու գրականութիւնը եւ հայրենաւանդ մշակոյթը: Հայոց տնտեսական կենսամակարդակը նոյնպէս վերելք կ’արձանագրէ, նպաստելով ընդհանուր երկրի բարգավաճման եւ մշակութային վերելքին:
Գաղութը վերջին տարիներուն պատուաբեր նուաճումներ արձանագրաձ էր մշակութային բազում ու մանաւանդ՝ երգ ու պարի մարզերէն ներս: Մտածուեցաւ Պաալպէքի միջացգային ֆեսթիվալի այլազանութեան վրայ աւելցնել հայկական երանգը, որը պիտի նպաստէր մեր մշակոյթի ծանօթացման ու տարածման, ապահովելով օտար ազդեցիկ շրջանակներու յարգանքն ու համարումը:
Եւ ատիկա պատահեցաւ շնորհիւ տիկ. Նինա Ճիտէճեանի բեղուն ճիգերուն, հայ ժողովուրդի համագործակցութեան ոգիին եւ Պաալպէքի միջազգային ֆեսթիվալի վարչութեան մեր նկատմամբ ունեցած համակրանքին ու գնահատանքին:
Այսպէս 1965 3, 4 եւ 5 Սեպտեմբերին փորթուկալեան տասնօրեայ յաղթական շրջապտոյտէն ետք, 3 յաջորդական գիշերներ, զնգաց ու թնդաց հայ երգն ու պարը հնադարեան Պաալպէքի Բաքոս տաճարին մէջ՝ հիացում պատճառելով իւրաքանչիւր հանդիսատեսի:
Տեղին է այստեղ յիշել Գէորգ Էմինի սա տողերը, քաղուած «Սասունցիների պարը» պոէմէն.
Պարե՜ց Սասունն, ու ողջ աշխարհը հիացաւ,
Պարե՜ց Սասունն ու ողջ աշխարհը հասկացաւ,
Թէ պար չէ սա, այլ մի ազգի քաջ պատմութիւն,
Ուր պարտութիւնն անգամ ունի հպարտութիւն:
Պարեցին մեր տղաքը՝ ցոյց տալով աշխարհին, թէ կը միանան, կը դառնան բերդ ու կը ստեղծագործեն, մեր արուեստը բարձրացնելով միջազգային բեմի վրայ:
Շեշտելով կ’ուզեմ ընդգծել, թէ Հայաստանի երգ ու պարի համոյթներու բարերար ազդեցութեան տակ ծնունդ առած բազմաթիւ խումբերէն ի մասնաւորի «Համազգային»ի «Քնար» եւ Հ.Ե.Ը.ի «Անդրանիկ» խումբերը որդեգրեցին իրենց հայրենի եղբայրներուն ուղին եւ, գիտակից իրենց առաքելութեան, սլացան երկիրէ երկիր, յաղթանակէ յաղթանակ:
Երախտագիտութեամբ կ’ուզեմ նշել հայ մշակոյթի կրակով սնած եւ զոյգ պարախումբերու թիկունքին ապառաժի նման կանգնած նուիրեալ ղեկավարներու ու պատասխանատուներու անունները, որոնց բարենպաստ եւ անխոնջ ճիգերու արգասիք եղաւ սոյն երեկոներու յաղթանակը.
Տիկ. Նինա Ճիտէճեան՝ նախագահուհի լիբանանահայ երգի-պարի անսամպլի, Սարգիս Փասքալեան՝ պարերու բեմադրիչ եւ պարուսոյց, տոքթ. Էմանուէլ Էլմաճեան՝ երգչախումբի ղեկավար, Սամուէլ Իլանճեան՝ վարչ. ընդհ. պատասխանատու, Սարգիս Պէրպէրեան՝ վարչ. ընդհ. պատասխանատու, Ալեքս Մնակեան՝ նուագախումբի պատասխանատու, երգիչներ՝ Արա Կիրակոսեան, Սարգիս Գունտաքճեան, երգչուհիներ՝ Արփինէ Փէհլիվանեան, Ժանէթ Գույումճեան, Սիրվարդ Սողիկեան, մենապարող՝ Գեղամ Ճիէրճեան, մենապարուհիներ՝ Սօնա Փօլատեան, Հրանդուհի Քէօկէրեան, Ալիս Հայթայեան, Սօսի Փասքալեան:
Արդար ու խոր գնահատանքի խօսք ունիմ լիբանանահայ պարախումբի իւրաքանչիւր պարողի եւ երգողի, որոնք գիտցան հայ մշակոյթը պանծացնել Պաալպէքի գեղաքանդակ հզօր տաճարներուն մէջ եւ անցան սահմաններէն ալ անդին:
Այս պարողներէն շատերը հետագային աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ դարձան գեղարուեստական ղեկավարներ, միշտ նպաստելով իրենց ապրած երկիրներու մշակութային վերելքին: