ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած Թուրքիոյ ազգայնամոլներու Ազգային շարժում կուսակցութեան տարեկան համագումարին, կուսակցապետ վերընտրուեցաւ Տէւլէթ Պահչէլի: Ան համագումարին առջեւ ունեցած իր մէկ ժամ եւ 45 վայրկեան տեւողութեամբ ճառին մէջ ընդարձակեց իր սովորական թիրախներուն ծիրը, յարձակելով իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, Եւրոմիութեան ու այլ թիրախներու վրայ:
Պահչէլի խիստ ազդարարութիւններ ըրաւ ու պնդեց, թէ ազգայնապաշտ թուրքերը ամէն ինչ պիտի ընեն ազգային միասնութիւնը պաշտպանելու համար: Պահչէլի խստիւ քննադատեց վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ մէջտեղ նետուած «վերին ինքնութիւն-վարին ինքնութիւն» բանավէճը եւ ըսաւ, որ թուրք ժողովուրդը մէկ է եւ նմանօրինակ վերագրումներ կը վնասեն անոր ինքնութեան։ Քննադատութիւններէն իր բաժինը ստացաւ նաեւ Եւրոմիութիւնը, փոքրամասնութեանց իրաւունքները պահպանելու համար անոր տարած աշխատանքին համար:
6000 հոգինոց սրահը լեցուն էր Գորշ գայլերու նշանները ընող պատգամաւորներով։
Էրտողան աւելի ուշ անուղղակի կերպով պատասխանեց Պահչէլիի կողմէ իր կուսակցութեան դէմ յարձակումներուն եւ ըսաւ. «Դուք ի՞նչ տեսակ ազգայնապաշտներ էիք, որ թրքական դրամը քուրջի վերածեցիք ու երկիրը հասցուցիք սնանկութեան սեմին»։