ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ազգայնամոլներու Ազգային շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տէվլէթ Պահչէլի իր կուսակից երեսփոխաններուն հրահանգեց զուսպ մնալ խորհրդարանական ընտրութիւններուն քրտական իրաւունքներու պաշտպան Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան աջակցութեամբ երեսփոխան ընտրուած քիւրտերուն նկատմամբ:
Պահչէլի այս յանձնարարութիւնը ըրաւ ջրելու համար շատերու այն պնդումը, թէ յառաջիկայ օրերուն խորհրդարանի մէջ լուրջ բախումներ տեղի պիտի ունենան ազգայնամոլ եւ քիւրտ երեսփոխաններու միջեւ։
«Բոլոր ակնարկները մեր վրայ պիտի ըլլան, մեր ուսերուն վրայ ծանր բեռ կայ, բայց մեր գործը կռիւ չէ, երբեք պիտի չստեղծէք կռուազան մարդու պատկեր: Պէտք է արթուն ու զգոյշ ըլլանք», ըսաւ Պահչէլի իր կուսակիցներուն։