ՓՐԻՍԹԻՆԱ, «Ռոյթըրզ».- Քոսովոյի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած ականի մը պայթումին պատճառով արձանագրուեցան երկու զոհեր եւ 11 վիրաւորներ։ Վիրաւորներէն մէկը կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ: Ըստ նախնական տեղեկութեանց՝ պայթումը քաղաքական բնոյթ չունէր։ Ականահարումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի առաւօտուն, առեւտրական շրջանի մը մէջ, եւ ոստիկանութիւնն ու ՆԱԹՕի ղեկավարած խաղաղապահ ուժերը շրջանը փակեցին։ Պայթումը տեղի ունեցաւ Պիլ Քլինթընի անուան պողոտային վրայ։
Քոսովօ կը շարունակէ պաշտօնապէս Սերպիոյ մաս կազմել եւ 1999 թուականէն ի վեր ՄԱԿի կողմէ կը կառավարուի։ Շաբթուան ընթացքին, Նիւ Եորքի մէջ, անոր վերջնական կարգավիճակին վերաբերեալ բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան։
Քոսովոյի մէջ լարուածութիւնը աճ կ՚արձանագրէ, մինչ շրջանի բնակչութեան 90 առ հարիւրը կազմող ալպանացիները կը ձգտին Սերպիայէն անկախանալու։ Ալպանացի ղեկավարութիւնն ու խումբ մը բարձրաստիճան սերպեր Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին հանդիպում մը պիտի ունենան։