ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան».- Փետրուար 5ին Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան ոլորտի բարեփոխումներուն նուիրուած եռօրեայ խորհրդակցութեան:
Պաշտպանութեան համակարգին մէջ քաղաքացիական տարրի ներդրումը եւ պաշտպանութեան մասին օրէնքի բարեփոխումները խորագիրով խորհրդակցութիւնը կազմակերպուած է պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Ճորճ Ս. Մարշալի անուան ապահովական հետազօտութիւններու եւրոպական կեդրոնի կողմէ:
Խորհրդակցութեան բացման արարողութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, պաշտպանութեան փոխնախարար, զօր. Արթուր Աղաբէկեան յայտնեց, որ 2007ին սկսող բարեփոխումները կը նախատեսուի աւարտել 2015ին եւ նշեց, որ անոնց հիմնական նպատակներն են Հայաստանի բանակի արդիականացումը եւ մարտունակութեան բարձրացումը, երկիրի ռազմական ապահովութեան մակարդակի բարձրացումը, գործակցութիւնը միջազգային կառոյցներուն հետ: Ա. Աղաբէկեանի խօսքերով, արդէն մշակուած է եւ մօտ ժամանակներս կ’ընդունուի Ազգային ապահովութեան հայեցակարգը: Շուտով պաշտպանութեան նախարարութիւնը ձեռնամուխ կ’ըլլայ պաշտպանական դաւանանքի մշակումին, որ կ’աւարտի 2007ի վերջերուն: Ան նշեց նաեւ, որ խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ նորընտիր Ազգային ժողովը կ’իրականացնէ պաշտպանական ոլորտի օրէնսդրական բարեփոխումներ, որոնց արդիւնքով հնարաւորութիւն կը ստեղծուի պաշտպանութեան նախարութիւնը ամբողջացնել քաղաքային անձնակազմով:
Զօր. Աղաբէկեան նշեց նաեւ, որ խորհրդակցութեան մասնակցող Լիթուանիոյ, Էսթոնիոյ, Ռումանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի փորձագէտները կը ներկայացնեն պաշտպանական բարեփոխումներու փորձը այլ երկիրներու մէջ:
Ան յայտնեց նաեւ, Հայաստանի պաշտպանութեան ոլորտի բարեփոխումները ունին իրենց առանձնայատկութիւնը, քանի որ բարեփոխումները ստիպուած են իրականացնել բանակը մարտական վիճակին մէջ պահելու պայմաններով:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, փոխնախարարը նշեց, որ Հայաստանի առջեւ հարց չէ դրուած բարեփոխումները ծառայեցնել ՆԱԹՕին անդամակցելու նպատակին: Ա. Աղաբէկեանի խօսքերով, ՆԱԹՕին Հայաստանի անդամակցութեան հարցը մօտ ապագային պիտի չքննուի. «Հայաստանը վարում է «քոմփլիմենթար» քաղաքականութիւն, որն իր դրսեւորմն է գտնում նաեւ պաշտպանութեան բնագաւառում: Համագործակցութիւնը թէ՛ ՀԱՊԿի, թէ՛ ՆԱԹՕի հետ մենք ծառայեցնում ենք մեր պաշտպանական համակարգը արդիականացնելու եւ սպառնալիքներին դիմակայելու համար», յայտարարեց պաշտպանութեան փոխնախարարը:
Բացման ելոյթներէն յետոյ խորհրդակցութիւնը աշխատանքը շարունակեց դռնփակ: Քննարկումները պիտի շարունակուին նաեւ Փետրուար 6ին եւ 7ին: