ԵՐԵՒԱՆ, Մայր Աթոռի Մամլոյ Դիւան, «Արմէնփրէս».- Հայոց բանակի հիմնադրութեան 15ամեակը պաշտօնական ձեռնարկով նշուեցաւ Յունուար 28ին, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ:
Կատարելով հանդիսութեան բացումը, պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան բանակի 15ամեակը բոլորին տօնը համարեց, քանի որ «ժողովրդի հաւաքական միտքն ու ջիղն է ունակ ստեղծելու ազգային բանակ»:
Ըստ նախարարին, հայ ժողովուրդը օգտագործեց 20րդ դարասկիզբի ընձեռած հնարաւորութիւնը՝ անցեալէն դասեր քաղելու եւ ապագային առողջ կերպով նայելու, ու այս ձեւով ժողովուրդը պատերազմի ծանրութիւնը իր ուսերուն առաւ. «Արցախեան պատերազմը մենք չյօրինեցինք, այն մեզ մատուցեցին մեր հարեւանները, մատուցեցին խորհրդային սկուտեղի վրայ: Մէկ անգամ եւս համոզուեցինք, որ լացուկոծով արդարութիւն աղերսելը, մեղմ ասած, ապարդիւն է: Շրջադարձ էր պէտք մեր մտածողութեան մէջ, մենք պէտք է նուաճէինք աշխարհի ժողովուրդների կողքին արժանապատուօրէն բնաւորուելու իրաւունքը, եւ նուաճեցինք», ըսաւ Ս. Սարգսեան: Հայերը պատրաստ չէին այդ պատերազմին, նրանց քայլերը հաշուարկուած եւ ապագան տեսանելի չէին: Հայերը այս պատերազմի մէջ մտան պարտադրուած՝ ստեղծելով զէնք, զինամթերք, վճռականութիւն: Ս. Սարգսեանի խօսքերով, արդի պատերազմին մէջ, ուր գլխաւոր դերը կը պատկանի զինուորական արհեստագիտութեան, ռազմարուեստին, յաղթելու համար անհրաժեշտ էր ունենալ կառոյց մը, որուն բոլոր օղակները գործեն համաչափ եւ փոխկապակցուած, ուր գերիշխողը ըլլայ կարգապահութիւնը. «Ազգային բանակ ստեղծելը միայն պետութեան հոգսը չէր, այն ծնւում էր համաժողովրդական հոգածութեան ներքոյ, դժուարութեամբ, ցաւով, տքնանքով»:
Նախարարը բանակի կայացման ճանապարհը երեք փուլերու բաժնեց, որոնք, սակայն, տարանջատուած չեն: Առաջին փուլը, կ’ընդգրկէ 1989ի Փետրուարէն մինչեւ 1992ի Մայիսը, երբ Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան ապահովութիւնը դարձած էր կարեւորագոյն խնդիր: Այս ժամանակահատուածի էութիւնը կը բնորոշուի հայ կամաւորական ջոկատներու կազմաւորումով, որոնք կ’անուանակոչուէին զօրավար Անդրանիկի, Արաբոյի, Նիկոլ Դումանի եւ այլ հերոսներու անուններով: Նախարարի խօսքերով, այս փուլին յատուկ էր նաեւ գործողութիւններու տարերայնութիւնը, անկազմակերպուածութիւնը, որ յղի էր լուրջ վտանգներով. ժամանակը այլ մօտեցում կը թելադրէր:
Երկրորդ փուլը, ըստ նախարարին, 1992ի Յունիսէն մինչեւ 1994ի Մայիս ժամանակահատուածն էր, երբ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի հետ միասին ներքաշուած ըլլալով Ատրպէյճանի հետ ծանր պատերազմի մէջ, քայքայուած տնտեսութեամբ, կը կերտէր ազգային բանակը եւ նորաստեղծ բանակային ստորաբաժանումները մարզումներէ յետոյ կ’ուղարկուէին ռազմաճակատ. «Այսօր հպարտութեամբ կարող ենք շեշտել, որ բանակաշինութեան գործում մենք Ատրպէյճանից մի քիչ առաջ անցանք: Հէնց այդ մի քիչն էլ փոխեց պատերազմի ընթացքը, կանխորոշեց մեր յաղթանակը: Հայոց բանակի յաղթանակը սրբագրում էր աշխարհի ժողովուրդների պատկերացումները հայերի մասին. հայ ժողովուրդը ներկայանում էր այլ որակներով՝ մարտնչող, իր ազատագրական պայքարում հաստատակամ, խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան ջատագով», նշեց նախարարը:
Նախարարի դիտարկումով, երրորդ փուլը կը սկսի 1994ի Յունիսէն եւ կը շարունակուի մինչեւ այժմ: Ս. Սարգսեանը բանակաշինութեան փուլ որակեց այս հանգրուանը:
Զինադուլէն մինչեւ այսօր, ռազմական ուսումնական հաստատութիւնները բանակին համար պատրաստած են 4430 սպաներ: Զուգահեռաբար սպաներ պատրաստուեցան նաեւ արտասահմանի մէջ, գլխաւորապէս Ռուսիոյ եւ Յունաստանի ռազմական հաստատութիւններէն ներս, ուր ուսանած են եւ կը շարունակեն ուսանիլ աւելի քան 1630 երիտասարդներ: Նախարարը նշեց նաեւ, որ շնորհիւ հայ սպաներու կրթական մակարդակին, ժողովուրդի աչքին սկսած է բարձրանալ բանակի հեղինակութիւնը:
Ան աւելցուց, որ բանակը չի կրնար ապրիլ ինքնաբաւ, առանց շփումներու եւ փոխհարստացման ձգտումներու: Նախարարը ընդգծեց նաեւ ղեկավարութեան կողմէ կատարուած քայլերը Միացեալ Նահանգներու, եւրոպական երկիրներու եւ եւրատլանտեան կառոյցներուն հետ գործակցութիւնը աշխուժացնելու ուղղութեամբ:
Նախարարը նշեց, որ անկախութեան 15ամեակի առթիւ կազմակերպուած տողանցքը ցուցադրեց հայկական բանակի կուռ շարքերը, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ իւրաքանչիւր հայի. «Ես չեմ ուզում, որ միայն զօրահանդէսներով ժողովրդից հիացմունք կորզենք: Ես ուզում եմ, որ բանակն իրեն ծնող ու սնող ժողովրդի աչքը եւ սիրտը շոյի իր ամէնօրեայ նիստուկացով, իր վարքով ու բարոյականութեամբ: Ուզում եմ, որ հայ սպան հասարակութեան մէջ գրաւի իր պատշաճ դիրքը, նրա անունը նոյնանայ պատիւ, անձնազոհութիւն եւ արժանապատուութիւն հասկացութիւններին: Ուզում եմ, որ մեր մէջ ժողովուրդը տեսնի իր առաքինութիւնները, երկրի համար բաբախող հոգի տեսնի, հաւատայ մեզ եւ փափաքի իր որդուն տեսնել մեր շարքերում», համոզում յայտնեց Ս. Սարգսեան:
Սարգսեան ըսաւ, թէ «հայկական բանակին չեն վախեցնում հարեւան հանրապետութեան նախագահի՝ իր բանակին խոստացած միլիառները, քանի որ միայն փողով չէ, որ բանակը մարտունակ է դառնում, մենք ունենք բաւարար կամք, նուիրուած ենք մեր հայրենիքին եւ վճռական ենք աւարտին հասցնելու այն պայքարը, որ սկսել ենք միասին ուղիղ 19 տարի առաջ՝ 1988ին: Այս իրողութիւնը մենք ապացուցել ենք 90ականների սկզբին, կ’ապացուցենք նաեւ վաղը, եթէ դրա հարկը լինի»:
Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ հայկական բանակին մասին վաւերագրական շարժանկար: Ելոյթ ունեցան վաստակաշատ երաժշտական խումբեր, երգիչ-երգչուհիներ:
Նոյն օրը, Ս. Էջմիածինի մէջ, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն ներկայ էին թեմերու առաջնորդները, բանակի բարձրագոյն սպայական կազմը՝ պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, զինուորներ, հաւատացեալներ:
Պատարագէն յետոյ վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն, ուր Գարեգին Բ. կաթողիկոսը «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշաններով պարգեւատրեց սպայակոյտի պետ, զօրավար Միքայէլ Յարութիւնեանը եւ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար, զօրավար Սէյրան Օհանեանը: