ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Ապահովական խիստ պայմաններու ներքեւ, Պենետիքթ ԺԶ. պապը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28ին չորսօրեայ այցելութեան մը համար Թուրքիա ժամանեց:
Զայն դիմաւորելու եկած էին նախագահ Ահմատ Նէճտէթ Սէզէր եւ վերջին վայրկեանին իր ծրագիրները փոփոխութեան ենթարկած վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան, որ 20 վայրկեան տեսած հանդիպումէ մը ետք յայտարարեց, թէ պապը «հակառակ քաղաքական անձնաւորութիւն մը չըլլալուն», նեցուկ կը կանգնի Թուրքիան Եւրոպական միութեան անդամ դարձնելու աշխատանքներուն:
Վատիկանը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ դէմ չէ Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու գաղափարին:
Էրտողան այս կարճ հանդիպումէն ետք Լաթվիա մեկնեցաւ, մասնակցելու համար ՆԱԹՕի գերաստիճանին:
79ամեայ պապը չհետեւեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի օրինակին, եւ Թուրքիոյ հողը չհամբուրեց, սակայն արժանացաւ «կարմիր գորգով» հիւրընկալութեան:
Պապի այցելութեան առիթով նաեւ քանի մը փոքր ցոյցեր տեղի ունեցան Անգարայի մէջ, որոնք չէին հասներ Պոլսոյ մէջ Կիրակի օր տեղի ունեցած 25,000նոց ցոյցին:
Պապը Երեքշաբթի օր նաեւ Աթաթուրքի դամբարանը այցելեց եւ հանդիպում մը ունեցաւ կրօնից տեսուչ Ալի Պարտաքօղլուի հետ, որմէ ետք շեշտեց կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը սերտացնելու, ինչպէս նաեւ վայրագութիւնները զսպելու նպատակով յստակ կեցուածք որդեգրելու կարեւորութիւնը:
Պապը նաեւ շեշտեց, թէ կրօնական ազատութիւն շնորհելը ընկերվարական կարեւոր սկզբունք մըն է, անուղղակիօրէն քննադատելով Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութեանց դէմ դրուած սահմանափակումները:
Պապը այսօր (Չորեքշաբթի) Եփեսոս պիտի այցելէ, իսկ հոնկէ Պոլիս պիտի անցնի: