Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսիս պապին հետ:
Կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին պապը վերահաստատեց Լիբանանի պատգամի երկիր ըլլալուն հանդէպ իր հաւատքը` անոր մշակութային եւ կրօնական բազմազանութեան ընդմէջէն, որովհետեւ այդ յատկանիշն է, որ ամբողջ շրջանին մէջ զայն իւրայատուկ կը դարձնէ:
Պապը կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն` համախոհութիւն գոյացնելու եւ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահ մը:
Իր կարգին, Միքաթի պապին յանձնեց նամակ մը, որուն մէջ կը բացատրուի Լիբանանի կացութիւնը, ինչպէս նաեւ կը ներկայացուին այն լուծումները, որոնց կարելի է Վատիկանի ներդրումով հասնիլ: