ՎԱՏԻԿԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Վատիկանի աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Պենետիքթ ԺԶ. պապը մերժած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայսի հետ Միջին Արեւելքի եւ Իրաքի հարցերը քննել։ Պապը մերժած է զինք ընդունիլ Օգոստոսի արձակուրդին ընթացքին։
Վատիկանի բարձրաստիճան աղբիւր մը յայտնեց, որ պապը սովորաբար Հռոմի մօտ գտնուող իր բնակարանին մէջ իր տարեկան արձակուրդին ընթացքին քաղաքագէտներ չ՚ընդունիր։ Սակայն իտալական մամուլը կը գրէ, որ այս քայլը Վատիկանի կողմէ Պուշի վարչակազմին ուղղուած բացայայտ կշտամբանք մըն էր։
Ըստ «Պի.Պի.Սի.»ին, պապին կողմէ Ռայսը չընդունելու քայլին երկու պատճառ կայ։ Առաջինը՝ Ռայս Մարտ 2003ին՝ Իրաքի ներխուժումէն առաջ, պապին յատուկ պատուիրակ՝ կարտինալ Փիօ Լաղիի յստակ դարձուց, թէ Պուշի վարչակազմը չէ հետաքրքրուած նախորդ պապին այն տեսակէտով, թէ իր ծրագրած յարձակումը անբարոյ է։
Երկրորդը՝ Միացեալ Նահանգներ Վատիկանին անընդունելի կերպով պատասխանեց, երբ այս վերջինը պահանջեց, որ Իրաքի նոր սահմանադրութիւնը պաշտպանէ Իրաքի քրիստոնեաներուն իրաւունքները։
Պուշի վարչակազմը Վատիկանին յայտնեց, որ այնքան ատեն, որ դաշնակից ուժերը չեն յաջողած Իրաքի ամբողջ տարածքին վրայ ապահովութիւն հաստատել, անոնք անկարող են ոչ-իսլամները պաշտպանելու։
Փոխանակ պապին հետ հանդիպելու, Ռայս ստիպուած եղած է բաւարարուիլ Վատիկանի թիւ երկու անձնաւորութեան՝ Թարչիզիօ Պերթոնէ կարտինալին հետ հեռաձայնով խօսելով։