ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30ի երեկոյեան, Պենետիքթ ԺԶ. պապը այցելեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան, բնականաբար ապահովական խիստ պայմաններու տակ: Հակառակ երթեւեկի դժուարութեան, եկեղեցին խուռներամ լեցուն էր, երբ պապը ժամանեց։ Պապը դիմաւորուեցաւ Մեսրոպ արք. Մութաֆեան պատրիարքի, եւ այս առիթով Պոլիս ժամանած Պուլկարիոյ ու Ռումանիոյ առաջնորդ Տիրայր արք. Մարտիկեանի, հոգեւորականներու ու ազգայիններու կողմէ:
Պատրիարքը իր ուղերձին մէջ շեշտեց այս պատմական այցին կարեւորութիւնը ու դիտել տուաւ, որ պատրիարքարանին ու Վատիկանի միջեւ հարուստ յարաբերութիւններու անցեալ մը կայ: Ան կրօնական միասնութեան մասին մաղթանքներէ ետք աւելցուց, որ հայ ժողովուրդը շրջան մը ապրած է տրտմութեան օրեր, զորոնք կրցած է յաղթահարել իր հաւատքի զօրութեամբ եւ այժմ այս համայնքը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ որպէսզի երկխօսութիւն հաստատուի հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ։ Պատրիարք նաեւ պապին նուիրեց 1820ին հայ ոսկերիչներու ձեռքով շինուած պատմական սկիհ մը։
Իր կարգին, պապը յիշեց, որ հայ ժողովուրդը քրիստոնէութեան համար նահատակութիւն յանձն առած ժողովուրդ է եւ աւելցուց, թէ 20րդ դարու սկիզբը եւս անցած է տխուր ճանապարհներէ, ակնարկելով Հայկական Ցեղասպանութեան: Ան եւս պատրիարքին նուիրեց սկիհ մը։
Թրքական մամուլը շեշտեց, թէ պապը իր ուղերձին մէջ չգործածեց «ցեղասպանութիւն» բառը։
Յայտնենք, թէ Ուրբաթ օր պապը Թուրքիա իր այցելութիւնը աւարտելով Վատիկան վերադարձաւ:
Նկարին մէջ, պատրիարք Մութաֆեան եւ պապը պատրիարքարանին մէջ: