ԱՆԳԱՐԱ.- «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Նոյեմբերին ծրագրուած Պենետիքթ ԺԶ. պապին Թուրքիա այցելութիւնը կրնայ առիթ մը ըլլալ իսլամական աշխարհին հետ Վատիկանի կապերը բնականոնացնելու, իսլամութեան հասցէին պապին կատարած վերջին յայտարարութիւններուն ստեղծած բողոքի մեծ ալիքէն ետք:
Կարգ մը թուրք վերլուծողներու կարծիքով, պապը նոյնիսկ Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան հարցով իր դիրքը պէտք է փոխէ, որպէսզի մշակոյթներու միջեւ հաւանական ճակատումի մը առաջքը առնէ։
Նոյեմբեր 28-30ին Անգարա այս այցելութիւնը Պենետիքթ պապին կողմէ իսլամական երկրի մը տրուած առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ: Անգարա կը յայտարարէ, թէ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ ըստ ակնկալուածին, հակառակ անոր, որ պապին հանդէպ բողոքի ալիք մը բարձրացած է իսլամական աշխարհին մէջ։
Թուրքիոյ մէջ պապին հանդէպ ընդդիմութիւն գոյութիւն ունէր անոր վերջին յայտարարութենէն առաջ իսկ, նկատի ունենալով, որ ան նախապէս յայտարարած էր, թէ իբրեւ ոչ քրիստոնէական երկիր՝ Թուրքիա չի կրնար անդամակցիլ Եւրոպական միութեան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ հակառակ Անգարայի յայտարարութեան՝ կը սպասուի, որ պապին այցելութեան դէմ բողոքի ցոյցեր կազմակերպուին Անգարայի մէջ։
Պապին այցելութեան գծով իր կատարած յայտարարութեան մէջ Անգարայի համալսարանի անդամ Տոկիւ Էրկիլ ըսաւ. «Այս այցելութիւնը պապին համար առիթ մըն է իր յայտարարութիւնը ճիշդ ձեւով բացատրելու եւ ցոյց տալու, թէ ինք հակառակ է արեւմտեան աշխարհին մէջ իսլամութեան հանդէպ գոյութիւն ունեցող բացասական մօտեցումին»։ Էրկիլ նաեւ ըսաւ, որ Անգարա չի կրնար ջնջել պապին այցելութիւնը, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ կառավարութիւնը պիտի արգիլէ այն հաւանական բողոքի ցոյցերը, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ ցոյց տալ, որ իսլամութեան հանդէպ պապին մօտեցումը անընդունելի է։
Իր կարգին, Պոլսոյ Պահչէշեհիր համալսարանէն Ճենկիզ Աքթար ըսաւ. «Պապը պէտք է այցելէ Անգարա, սակայն ան պէտք է յայտարարէ, թէ նեցուկ կը կանգնի Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան։ Ան պէտք է յստակ դարձնէ, որ այս անդամակցութիւնը մշակոյթներու միջեւ պատերազմը կանխարգիլելու միակ ձեւն է»։
Միւս կողմէ, երեսփոխան Էմին Շիրին յայտարարեց, թէ պապը պէտք է ջնջէ Անգարա իր այցելութիւնը։ Շիրին նաեւ ցաւ յայտնած է, որ 21րդ դարու պապը 14րդ դարու գաղափարներ ունի…