ՊԱՒԻԱ, «Նոյեան Տապան».- Սեպտեմբեր 2ին իտալական Պաւիա քաղաքին մէջ աւարտեցաւ ծանրաբարձութեան Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութիւնը: Եւրոպայի պատանեկան ցուցանիշներու ցանկին մէջ գերազանց արդիւնքներ արձանագրեց գերծանր կշիռքի Ռուբէն Ալեքսանեան, որ սահմանեց Եւրոպայի 8 մրցանիշ: Վերջնական արդիւնքով Ալեքսանեան բարձրացուց 170 քիլոկրամ, հրեց 216 քիլոկրամ եւ երկամարտի 386 քիլոկրամ արդիւնքով 16ամեայ մարզիկը նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը: Նշենք, որ ան կը մարզուի իր հօր՝ Գառնիկ Ալեքսանեանի գլխաւորութեամբ:
Ընդհանուր առմամբ, Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան մրցումներուն Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց 4ական ոսկի եւ արծաթ մետալ: